Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեթում Աբղյ. Տաղլեան Եւ Աշոտ Աբղյ. Խաչատուրեան Միացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան

June 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, շաբաթ, 10 յունիս 2017-ի երեկոյեան` Կիրակնամտից ժամերգութեան աւարտին, ձեռամբ ձեռնադրիչ` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Հրայր սրկ. Տաղլեան եւ Մովսէս սրկ. Խաչատուրեան, կուսակրօն քահանայութեան իրենց առաջին քայլերը ծնրադիր ուղղեցին դէպի Ս. խորան: Կոչման արարողութեան ընթացքին, ընծայեալները նզովեցին բոլոր հերետիկոսներն ու հերձուածողները եւ յօժարակամ ընդունեցին հետեւիլ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն: Ապա, Աստուծոյ, միաբանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ ուղղափառ դաւանանքը արտասանելէ ետք, անոնք կարդացին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամագրուելու ուխտագիրները:

Կիրակի, 11 յունիս 2017-ի առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ եւ սաղմոսներու ընթերցանութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր բարձրացան Ս. խորան: «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ, անոնք հրաժարելով աշխարհէն ու աշխարհայինէն` իրենց անձերը ընծայաբերեցին Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ: Ապա, «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեան պահուն, խարտաւիլակ հայր սուրբը միւռոնաթափ աղաւնին յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր: Արդարեւ, սրբազան հայրը Ս. միւռոնով օծելով ընծայեալներուն ճակատն ու ձեռքերը, Հրայր սարկաւագը վերանուանեց  Հեթում քահանայ, իսկ Մովսէս սարկաւագը` Աշոտ քահանայ: Ապա, նորաօծ քահանաներուն կողմէ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին իրենց անդրանիկ օրհնութեան բաշխումէն ետք, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը «Եղէ՛ք նոր մարդ մը Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած եւ ապրեցէ՛ք ճշմարիտ կեանքը արդարութեամբ եւ սրբութեամբ» իբրեւ բնաբան ունենալով` իր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ յորդորեց նորընծայ քահանաները:

Ձեռնադրիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ յատկապէս շեշտեց հետեւեալ մտածումը. «Երէկ, կոչման արարողութեան ընթացքին, դաստիարակչական վերջին կարեւոր փուլին ձեզի ներկայացուեցաւ Քրիստոսի կերպարը, որ կը հրաւիրէր ձեզ ըսելով, թէ «ով որ կ՛ուզէ ինծի աշակերտ ըլլալ, ինծի պիտի հետեւի»: Եւ դուք հեզութեան, խոնարհութեան, աղքատութեան, նեղութեան, նախատինքի ու հալածանքի ընդմէջէն պիտի երթաք հոն, ուր Տէրը պատրաստած է իր ժողովուրդին ու յատկապէս այս պարագային ձեր երկուքին: Դուք, հաւատքի ձեր ամրութեամբ, ինչպէս նաեւ ձեր ուխտագիրներու կնքումով, պէտք է ամէն օր ձեր առանձնական աղօթքին, հոգիին եւ աչքերուն առջեւ ունենաք Քրիստոսի կերպարը` այնպէս ինչպէս դրոշմուեցաւ Տիրոջ օրէնքը Հին կտակարանի ժողովուրդին դիմաց»:

Ապա, «Ողջոյն»-ի երգեցողութեամբ եւ վեհափառ հայրապետին առաջնորդութեամբ, միաբան հայրերը բարձրացան Ս. խորան եւ համբուրելով նորընծաներուն ճակատն ու ձեռքերը` շնորհաւորեցին անոնց քահանայական օծումը:

Յընթացս Ս. պատարագին, նորըծաները մկրտութեան աւազանին մէջ ձեռքերու լուացումը ընդունեցին իրենց կնքահօր` տէր եւ տիկին Ալեքս Գալօղլեանի կողմէ: Ապա, «Հայր մեր»-ի երգեցողութենէն առաջ, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայութեան խորհրդանիշ վեղարի օրհնութիւնը:

Պատարագի աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը նորընծաները առաջնորդեց վեհարան` ստանալու համար վեհափառ հայրապետին հայրական օրհնութիւնները: Ապա, հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, նորօք ձեռնադրեալ աբեղաները մայր տաճարին մէջ ընդունեցին ժողովուրդին աջահամբոյրն ու շնորհաւորութիւնները:

Յայտնենք, որ նորընծայ երկու միաբաններու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան միանալուն ուրախ առիթով, դպրեվանքին մէջ պտղասեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, որուն ընթացքին կատարուեցաւ աւանդական «Բենիամինութեան» փոխանցումը:

Նշենք նաեւ, թէ նորընծայ աբեղաները քառասնօրեայ հոգեմտաւոր պատրաստութեան եւ կազմաւորման շրջանը պիտի անցընեն Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ մեկուսանալով, որպէսզի աղօթքով ու պահեցողութեամբ առաւել զինուելով` պատրաստուին իրենց նոր առաքելութեան:

 

Նախորդը

Փակում` Սրբոց Հռիսփիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթաշարքին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-Ի 10-րդ Համահայկական Մարզախաղերու Կազմակերպման Միջնախարարական Յանձնախումբի Նիստ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.