Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` ուրբաթ, 9 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտութեան ամավերջի ցուցահանդէս:
Բացման խօսքը արտասանեց «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տնօրէն Վազգէն Մուղալեան: Ան նկատել տուաւ, որ միշտ փափաքած է տարեվերջի աշակերտական ցուցահանդէսը կազմակերպել յատուկ ցուցասրահի մը մէջ, ի մասնաւորի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, եւ այս տարի կրցած էին նախաձեռնել այդ ցուցահանդէսը: Ան ըսաւ, որ երբ աշակերտները իմացած են, որ իրենց գործերը պիտի ցուցադրուին «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, աւելի լուրջ սկսած են աշխատիլ, որովհետեւ մտածած են, որ օր մը անպայման իրենց անհատական ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպեն այստեղ:
Շարունակելով իր խօսքը` Մուղալեան յայտնեց, որ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտներուն թիւը աճ արձանագրած է նախորդ տարիներուն հետ բաղդատած, եւ այս տարի ունին 4 շրջանաւարտներ, որոնք ապագային պիտի ունենան իրենց անհատական ցուցահանդէսները եւ պիտի դառնան գաղութի ծանօթ գեղանկարիչները: Մուղալեան նկատել տուաւ, որ այս տարի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան ունեցաւ արտադպրոցական աշխատանքներ, եւ աշակերտները երթալով բնութեան գիրկը գծեցին բնութենէն առնուած պատկերներ, նաեւ ունեցան պատերու վրայ աշխատանքներ, ինչպէս օրինակ` Ֆանարի մատրան մուտքի պատերուն վրայ գծեցին հայրենաշունչ պատկերներ:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան խօսք առնելով ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց սոյն նախաձեռնութեան համար: Ան նկատել տուաւ, որ երբ մարդ ստեղծագործէ, քիչ մը աւելի կը մարդանայ, որովհետեւ մենք բնութեան մաս կը կազմենք, հետեւաբար մենք ստեղծուած ենք ստեղծելու եւ այսպիսով մեր կեանքը իմաստաւորելու` աւելցնելով, որ երբ մարդ գեղեցկութեան հետ կ՛աշխատի, իր կեանքը կը գեղեցկանայ եւ այդ գեղեցկութիւնը կը թափանցէ իր շրջապատին: Հանտեան գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ, որ այս տարի ունին 4 աւարտականներ, որոնք սոյն ցուցահանդէսով կը սկսին իրենց առաջին քայլը գեղարուեստի կեանքին մէջ` մաղթելով, որ այդ քայլերը ըլլան հաստատ, եւ անոնք փորձեն իրենք զիրենք գերազանցել եւ հասնիլ բարձրին ու այդպիսով բարձրացնեն նաեւ իրենց շրջապատը, ազգը, երկիրը:
Այնուհետեւ Վազգէն Մուղալեան հրաւիրեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեանը, որպէսզի յանձնեն վկայականները: Վկայական ստացան Էօժենի Եափուճեան, Սարին Կարպուշեան, Ռիթա Շահինեան եւ Արեւ-Արին Սեֆերեան:
Արուեստագէտ Միսաք Թերզեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ արուեստը սկզբունք մը եւ նպատակ մը ունի` աւելցնելով, որ արուեստագէտին ճամբան դժուար է. ան փորձեր կ՛ընէ եւ այդպիսով կը յաջողի: Թերզեան յորդորեց աւարտականները չվախնալու իրենց սխալներէն, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն յաջողութիւն պիտի գտնեն: «Փորձեցէ՛ք նոր գաղափարներ յղանալ: Երբ վստահիք ձեր անձին, աւելի առիթ ունիք յաջողելու, ուստի հետեւեցէ՛ք ձեր սիրտին եւ ձեր զգացումներուն` թոյլ տալով, որ անոնք ձեզ ուղղեն, որովհետեւ անոնք աւելի լաւ կը ճանչնան ձեր անձը», ըսաւ Միսաք Թերզեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց ու յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն:
Սրբազան հայրը իր կարգին խօսք առնելով շնորհաւորեց ցուցադրուած պաստառներուն հեղինակները` մաղթելով, որ անոնք իրենց որդեգրած մարզին մէջ դառնան հեղինակութիւն եւ առաջնորդ ուրիշներուն համար: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ արուեստը կեանքին մէջ կը շօշափէ գեղեցիկը, ընտիրը եւ ազնիւը` յորդորելով շրջանաւարտները շարունակելու նոյն ձեւով, որպէսզի իրենց վրձինին ճամբով ուրիշներուն բաժին հանեն եւ զանոնք ուրախացնեն: Առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, որ մեր կեանքի ժխորին մէջ քաջութիւնը ունեցած է անկիւն մը ստեղծելու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար, որպէսզի անոնք զբաղին այդ ընտիրով:
Աւարտին «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց յաճախող բոլոր աշակերտները ստացան վկայագիրներ:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին սրինգի վրայ Կարօ Սվագճեան, Կասիա Լեւոնեան, Շողակաթ Սալխանեան, չելլօ` Ճեսի Գրիգորեան, իսկ կիթառ` Յակոբ Փամպուքեան:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է շաբաթ, 10 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: