Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, երէկ` կիրակի, 19 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Ուուտըն Պէյքըրի»-ի կից կառատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յայտագիր:
Դրօշակի արարողութեան յաջորդեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութիւն` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում այն սկաուտներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպած «Հորշ Պէյրութ»-ի բանակումին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քէչէպաշեան, որ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկներու շարքը: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը ծնունդ առած է ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար, աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան արիւնալի տարիներէն անմիջապէս ետք` 1918-ին հայ ժողովուրդը դարձեալ պատմութեան տուաւ իր գոյատեւման վճռական որոշումն ու կամքը` Մանուկեաններու կերտած անկախութեան կողքին ծնունդ տալով այնպիսի կազմակերպութեան մը, որ պիտի ըլլար լաւագոյն միջոցը հայ երիտասարդութեան մտքին մէջ վառ պահելու հայ ծնած ըլլալու հպարտութեան զգացումը, անոնց մէջ պիտի հրահրէր հայրենիքին հանդէպ սէրը, այլ խօսքով` ուղեցոյցը պիտի ըլլար հայը հայ պահելու օտար երկինքի տակ:
«100 տարիներ ետք մեր այստեղ հաւաքուիլը մեծագոյն փաստն է հայուն վերածնելու կամքին: Մենք այս 100-ամեայ կազմակերպութիւնը պիտի յանձնենք ձեզի, որ դուք եւս ձեր կարգին զայն հասցնէք 200-ամեակին, 300-ամեակին, եւ այսպէս շարունակ բարձրանալով բարձրացնելու», եզրափակեց Քէչէպաշեան` շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները ՀՄԸՄ-ին յանձնած են` հաւատալով անոր սկզբունքներուն:
Արաբերէնով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արտա Զէյթունլեան: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը 100 տարիէ ի վեր կոչուած է սկաուտական եւ մարզական կեանքին մակարդակը բարձր պահելու եւ պատրաստելու երիտասարդ սերունդներ, որոնք միշտ բարձր պիտի պահեն Լիբանանի անունն ու դրօշը սկաուտական մարզին մէջ:
Լիբանանի անկախութեան տօնի սեմին Զէյթունլեան վստահեցուց, որ պիտի կրկնապատկեն իրենց կարելիութիւնները, ինչպէս միշտ շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը` առաւել եւս զարգացնելու սկաուտական շարժումը Լիբանանի մէջ, պատրաստելով կայտառ եւ արթուն սերունդ մը` Լիբանանի ծառայութեան համար:
Այնուհետեւ բարձրացաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած դրօշը, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց հայրենասիրական եղանակներու փունջ մը: Ապա Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի եւ Պէյրութի մասնաճիւղերու սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ երթը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին ազգային-հայրենասիրական, նաեւ ՀՄԸՄ-ին նուիրուած յատուկ երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Նժդեհ Պոտրումեան, Հրաչ Կայծակեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Վիգէն Տիշչէքէնեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:
Նշենք, որ յայտագիրին զուգահեռ, կառատան մէջ տեղադրուած էին յատուկ տաղաւարներ, որոնց մէջ կը վաճառուէին ուտելիքներ: