Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (12). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Թղթակցութիւն Գրելու Կանոններուն Եւ Փորձեցին Գործադրել Իրենց Սորվածը

Նոյեմբեր 18, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակուի գործադրուիլ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:

12 «Ապագայ լրագրողներ»-ը երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցան «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ն. Բարսեղեան ներկայացուց թղթակցութիւն մը պատրաստելու կանոնները:

Ան նշեց, որ թղթակցութիւնը պէտք է ըլլայ տուեալ ձեռնարկի մը հայելին` աւելցնելով, որ պէտք է պահել հարազատ մթնոլորտը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ներկայացնել որեւէ ձեռնարկի կամ հանդիսութեան մասին:

Ն. Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ թղթակիցի յատկանիշներուն, որոնց մէջ ան շեշտեց թղթակիցին ճշդապահ, հագուածքով պատշաճ, կազմակերպուած եւ պատրաստ երթալու կարեւորութիւնը:

«Թղթակիցը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն ինքզինքը, այլ նաեւ այն թերթը, որուն անձնակազմին մաս կը կազմէ: Հետեւաբար ամէն իմաստով պէտք է բծախնդիր աշխատանք կատարել թղթակցութեան առաքելութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

Նորա Բարսեղեան թղթակցութեան տարբեր օրինակներ ապահովելով փորձեց հարստացնել հանդիպումը «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ, որոնք իրենց կարգին կարդացին թղթակցութեան տարբեր օրինակներ եւ շօշափելի կերպով ծանօթացան անոնց մանրամասնութիւններուն:

Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ աշխատանքային բնոյթ` նկատի ունենալով, որ հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին թղթակցութիւն գրելու փորձ մը:

 

 

Նախորդը

Կեանք Մը, Որ Ամբողջական Նուիրում Եղաւ (Ընկ. Արա Տեմիրճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?