Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատավարձի Յաւելումներու Օրէնքին Գծով. Լիբանանահայ Վարժարաններու Տնօրէններու Եւ Կրթական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչներու Հաւաք` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

November 17, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հրաւէրով, երէկ` հինգշաբթի, 16 նոյեմբեր 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հաւաք` մօտէն հետեւելու աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքի որդեգրման զարգացումներուն եւ հաւաքաբար մտածելու առկայ բազմատեսակ հարցերու լուծումներուն մասին:

Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նշեալ հաւաքին լիբանանահայ  երեք համայնքներու եւ միութենական բոլոր վարժարաններու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը կու գայ հաստատելու, որ աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքը, անոր գործադրութիւնն ու տնտեսական հետեւանքները Լիբանանի կրթական կառոյցներուն համար մտահոգիչ են, եւ այս հարցերէն անմաս չեն կրնար մնալ լիբանանահայ վարժարանները:

Ապա ներկաները քննեցին օրէնքին մանրամասնութիւնները, օրէնքին գործադրութեան մէջ առկայ դժուարութիւնները, լիբանանեան սեփական վարժարաններու կեցուածքները, ինչպէս նաեւ առկայ ընդհանուր մթնոլորտը եւ շեշտեցին, թէ նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է օրը-օրին քայլ պահել արձանագրուող զարգացումներուն հետ, որպէսզի ճիշդ կողմնորոշում կատարուի:

Մասնակիցները նշեցին, որ լիբանանահայ իւրաքանչիւր վարժարան իր կատարելիք քայլերուն գծով իրազեկ պէտք է դարձնէ մնացեալ վարժարանները: Այս բոլորին մէջ, ներկաները հաստատեցին հայ ուսուցիչներու ամբողջական իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ փոխադարձաբար հայ ծնողքի դերակատարութիւնը` համապատասխան գործակցութեամբ անարգել ապահովելու հայ դպրոցի երթի շարունակութիւնը: Տնօրէններն ու կրթական պատասխանատուները անգամ մը եւս արժեւորեցին լիբանանահայ վարժարաններուն ունեցած դերակատարութիւնը ո՛չ միայն գաղութային, այլ նաեւ համահայկական առումով` տրուած ըլլալով, որ մինչեւ այսօր լիբանանահայ վարժարանները կը շարունակեն մնալ սփիւռքին մարդուժ մատակարարող գլխաւոր ամրոցները:

Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ առաջադրուած յաւելումները մեծ թիւով լիբանանեան սեփական դպրոցներու համար տագնապեցնող հիմնախնդիրներ են, եւ լիբանանահայ համայնքապետներն ու գաղութի ղեկավարութիւնը պէտք է համապատասխան լրջութեամբ վերաբերին եւ այս փուլին յաւելեալ ճիգով զօրակցին վարժարաններուն: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ հայ դպրոցը բազմաթիւ տագնապներ յաղթահարած է եւ այսօր ալ անպայմանօրէն պիտի յաղթահարէ: Մեր վարժարանները մեր կառոյցներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն զօրակցութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:

Աւարտին, հաւաքին բոլոր մասնակիցները օգտաշատ գտան պարբերական դրութեամբ կազմակերպել նմանօրինակ բնոյթի հաւաքներ` միասնաբար քննարկելու հայ դպրոցին դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները եւ միացեալ ճիգերով որոնելու համապատասխան լուծումներ:

 

Նախորդը

Խորանը Երկրիս

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

RelatedPosts

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

October 22, 2026
«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ
Գաղութային

«Սնունդի Հասանելիութիւն Եւ Խաղաղ Համակեցութիւն» Խորագիրով Ծրագիրի Աւարտին Նուիրուած Ձեռնարկ «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Մէջ

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.