Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գ. Նժդեհ Կոմիտէին Կազմակերպած Ժողովրդային Հանդիպումին. «Մեզի Համար Հիմնական Մարտահրաւէր Է Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Ուժ Մնալը» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

November 18, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ Ժողովրդային հանդիպում մը, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով տոքթ. Վարդան Ադամեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց ձեռնարկին շարժառիթն ու նպատակը, նաեւ` յայտագիրի գլխաւոր կէտերը:

«Լիբանան կը գտնուի շրջանային հակասութիւններու քառուղիին վրայ` մէկ կողմէ առեւտրական պատժամիջոցներու վտանգը, միւս կողմէ պատերազմական տրամադրութիւնները», ըսաւ Վարդանեան եւ աւելցուց. «Քաղաքական այս վերիվայրումներէն ազդուած են ընկերային, մշակութային, կրթական եւ մարզական համակարգերը, ու մարդիկ մտահոգուած են իրենց ապագայով ու կը մտածեն գաղթել, կամ` կառչած մնալով իրենց լիբանանցիի արմատներուն, կը փորձեն բաժակին լեցուն մասը տեսնել», նշեց ան` հարց տալով, թէ «այս բոլորին մէջ ո՞ւր են լիբանանցիներու շահերն ու վնասները եւ որդեգրելիք կեցուածքը»:

Գարեգին Նժդեհ կոմիտէի անունով Յակոբ Մելեքեան իր կարգին ողջունեց ներկաները` նշելով, որ կոմիտէին պարտականութիւնն է օգտակար ըլլալ ժողովուրդին, ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնելով լուծելու շրջանի բնակչութեան բոլոր հարցերը: «Մեր նպատակն է ժողովուրդին հետ կապի ամրապնդում եւ հզօրացում», շեշտեց Մելեքեան` նշելով, որ Զալքայի շրջանը ունի երեք քաղաքապետութիւններ` Զալքայի, Ժալ Էլ Տիպի եւ Ժըտէյտէ-Պաուշրիէի քաղաքապետութիւնները, որոնք չեն մերժեր իրենց դիմումներուն: Ան նաեւ յիշեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, «որ հակառակ շրջանէն դուրս ըլլալուն, միշտ կ՛ընդառաջէ մեզի»: Մելեքեան կոչ ուղղեց շրջանի բնակիչներուն` որեւէ հարցով դիմելու  Գ. Նժդեհ կոմիտէին` խոստանալով ջանք չխնայել լուծելու համար հարցերը:

Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ «Լիբանանահայ գաղութի մարտահրաւէրները» խորագրեալ նիւթին մասին:

Պատմական յետադարձ ակնարկով երեսփոխան Բագրատունի հակիրճ տողերու մէջ թուեց լիբանանահայ գաղութի կազմութեան սկզբնական հանգրուանները` ֆիզիքական ապահովութեան հաստատումէն մինչեւ թիթեղաշէն խրճիթներու մէջ բնակութիւն, բարձրայարկ շէնքերու կառուցում, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ ակումբներու հաստատում` հասնելով մինչեւ այժմու իրավիճակին, ուր կը հպարտանանք մեր հայութեամբ ու լիբանանցիութեամբ: Բագրատունի նշեց, թէ Լիբանանի զանազան համայնքները այս երկիրը ժամանած ու հաստատուած են պատմական տարբեր թուականներու: Հայեր կանուխ ժամանակներէն եկած են Լիբանան, սակայն հիմնականին մէջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնն է, որ հաստատուած է հոս, ապա` 1939-ին, Իսկենտերունի (Ալեքսանտրէթ) պարպումով,  հայեր Այնճար հաստատուած են: Ան յիշեց շրջանային երկիրներու քաղաքական պայմաններուն բերումով, հայերու հանգրուանային ժամանումը Լիբանան` 1954-ին, 1956-ին, 1960-ին…: Յ. Բագրատունի թուեց կարգ մը յատկանշական թուականներ` հայերու Լիբանանի մէջ ներկայութեան իբրեւ ցուցանիշ, ինչպէս` Պէյրութի մէջ Ս. Նշան եկեղեցւոյ կառուցումը 1860-ին, նախկին Ս. Նշան վարժարանի (այժմ` Ս. Խանամիրեան քոլեճ) հիմնումը 1902-ին, ՀՅԴ առաջին խումբի հաստատումը 1902-ին, ԶՈՄ-ի հիմնումը` 1904-ին եւ այլն: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, թէ լիբանանահայուն համար կայ երկու տեսակ մարտահրաւէր` նախ իբրեւ լիբանանցի, երկրորդ` լիբանանահայ, ուր ակներեւ են հայկականութեան նահանջը, հայ եկեղեցիէն հեռանալը, հայրենակցական միութենէ հեռու մնալը, հայկական աւանդութիւններու քանդումը, խառն ամուսնութիւնները, օտար վարժարան յաճախելու երեւոյթը, հոգեկան արժէքներու նահանջը, ազգէն հեռանալը, համաշխարհայնացումի եւ արդիականացման հետ քայլ պահելու հեւքը եւ այլն: Յակոբ Բագրատունի հանգամանօրէն խօսեցաւ նշեալ մարտահրաւէրներուն մասին` պարզելով անոնց պատճառներն ու հետեւանքները հայուն նկարագիրին վրայ: Մեզի համար այս բոլորը հարց են եւ կը մնան հարց, սակայն ոչ ի գին հայկականի կորուստին, շեշտեց ան: «Մենք` իբրեւ հա՛յ պիտի լուծենք այդ հարցերը եւ ոչ իբրեւ աշխարհաքաղաքացի: Այն, ինչ որ մերը չէ անպայման լաւ չէ, այն, ինչ որ մերն է անպայման վատը, ձախողը չէ՛, մենք մե՛նք ենք, մեր դիմագիծը փոխելով հայկականութենէ կը հեռանանք, մեզի համար հիմնական է ըլլալ հայակեդրո՛ն, փոխանակ խոյս տալու հայկականութենէն», շեշտեց Բագրատունի եւ աւելցուց. «Մեզի համար հիմնական մարտահրաւէր է Լիբանանի մէջ քաղաքական ուժ դառնալը, Լիբանանի խորհրդարանը  առաջինն է արաբական ու իսլամական աշխարհին մէջ, որ ճանչցա՛ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Լիբանանի նախագահը առաջինն է, որ տարիներ առաջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը եւ այս բոլորը` որովհետեւ մենք հոս քաղաքական ուժ կը ներկայացնենք», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Աւարտին, լիբանանահայ ծանօթ երգիչ Վիգէն Տիշչեքէնեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, խանդավառեց մթնոլորտը ազգային ու յեղափոխական երգերով:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.