Հինգշաբթի, 4 յունուար 2018-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան 12 միութիւններէն 90 պատանիներ Պնաշյիի մէջ հիւրը դարձան Ֆրենժիէ ընտանիքին:
Պնաշյիի լիճին շրջակայքը գտնուող ճաշարանին մէջ կազմակերպուած հաւաքին ներկայ էին նաեւ վարիչ-վարիչուհիներ, ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամներ, ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի եւ պատանեկան միութիւններուն մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները:
Այս առիթով Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն կողմէ Ընդհանուր վարիչ մարմինը Ռիմա Ֆրենժիէին յատուկ նուէրը յանձնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն:
Պատանիները ճաշէն ետք նաեւ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, որ իւրաքանչիւրին յանձնեց նուէր մը:
Հաւաքի աւարտին ներկաները հատեցին Ամանորի կարկանդակը եւ լիճին շուրջ` այս տարուան իւրայատուկ տօնական զարդարանքներուն մօտ, խմբային նկար առին:
Հաւաքի աւարտին ներկաները տուն վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ: