Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր 2017-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական խրախճանք` Նոր տարուան առիթով: Աւելի քան 200 հայ աշակերտներ միասնաբար տօնեցին Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը:
ԼԵՄ-ը` իբրեւ երիտասարդական միութիւն, մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայ աշակերտին եւ անոր դաստիարակութեան, որովհետեւ կը գիտակցի, որ ան պիտի ըլլայ ապագայի պահանջատէրը եւ Հայ դատի ու հայութեան պաշտպանը: