152 Ուսանողներ Արժանացան Ֆոնտի Յատկացումներուն
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 126-ամեակին առիթով յայտարարուած Հայ ուսանողի ֆոնտը, անցնող 3 օրերուն կատարեց իրեն դիմած հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ ուսանողներու կրթաթոշակի յատկացումները:
Ֆոնտին դիմած բոլոր ուսանողները ստացան համապատասխան յատկացում: Ոչ մէկ դիմում մերժուեցաւ:
Հայկական բոլոր վարժարաններէն շրջանաւարտ 152 ուսանողներու դիմումներուն ընդառաջուեցաւ:
Իբրեւ յատուկ գնահատանք, հանրային կեանքին մէջ աշխատող 65 ուսանողներ նմանապէս ստացան քաջալերանքի նիւթական պարգեւ:
Յառաջիկայ օրերուն, այլ հաղորդագրութեամբ մը կը ներկայացնենք յաւելեալ վիճակագրական տուեալներ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ