Երէկ` 29 յունուար 2018-ին, ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ ընթացք առաւ միջսուրիական ազգային բանակցութիւններու խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին մասնակից պատուիրակութիւնները արդէն հասած են Սեւ ծովու ափին գտնուող Սոչի քաղաք:
«Ռուսիա Այսօր»-ի համաձայն, նախատեսելի է, որ այսօր` երեքշաբթի, 30 յունուար 2018-ին գումարուի խորհրդաժողովի ընդհանուր նիստը, որուն կը մասնակցին սուրիական ընկերութեան զանազան հատուածներէն աւելի քան 1600 հրաւիրեալներ:
Խորհրդաժողովին, իբրեւ դիտորդներ, հրաւիրուած են նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան մնայուն անդամները, Եգիպտոսի, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի, Ղազախստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ զինադադարի երաշխաւոր երկիրներու` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներն ու Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթեֆան տը Միսթուրա:
Աւելցնենք, որ սոյն խորհրդաժողովին կը մասնակցին նաեւ սուրիահայ համայնքը եւ երկրին կարգ մը խմբակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները ներկայացնող հայեր: Անոնց կարգին են Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ հայ համայնքը ներկայացնող երեսփոխաններ Ժիրայր Ռէյիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան:
Խորհրդաժողովին արձագանգելու համար 27 երկիրներէ աւելի քան 500 լրագրողներ հրաւիրուած են:



