Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ պաշտօնական ձեռնարկի մը ընթացքին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը մեկնարկը կատարեցին Լիբանանի մէջ աշխատաւոր մարդուժի եւ ընտանիքներու ապրուստի պայմաններուն ընդհանուր հաշուարկին:
Ձեռնարկը հովանաւորեց վարչապետ Սաատ Հարիրի, որուն ներկայացուց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի:

Ներկայ գտնուեցան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի ներկայացուցիչ Ռեն Նիլընտ, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան արաբական երկիրներու շրջանային գրասենեակի տնօրէն դոկտ. Ռուպա Ժարատաթ, նախկին նախարար Հասան Մնայմնէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի ներկայացուցիչ գնդապետ Մոհամետ Նասեր, Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման, Ներդրումներու քաջալերման ազգային հաստատութեան նախագահ Նեպիլ Այթանի, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական մարզերու ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով լրագրողներ:
Դոկտ. Կիտանեան ողջունեց ներկաները` հաստատելով, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կատարելիք այս հաշուարկը պիտի ըլլայ անոր մեծագոյն աշխատանքը:
«Ընդհանուր հաշուարկը պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա ընտանիքներու ապրուստի պայմաններուն եւ աշխատաւոր մարդուժին մասին պիտի տրամադրէ հսկայական տեղեկութիւններ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան: Առաջին անգամ ըլլալով կարելի պիտի դառնայ Լիբանանի մէջ ապահովել կարգ մը ցուցանիշներ` գաւառներուն մէջ աշխատաւոր մարդուժին եւ ընտանիքներուն ապրուստի պայմաններուն մասին, ինչպէս նաեւ առաջին անգամն է, որ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել տեղեկագիրներ, որոնք կ՛արտօնեն աշխատանքը պարբերաբար ուսումնասիրել», ըսաւ ան:
Դոկտ. Կիտանեան նշեց, որ վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կատարելիք ընդհանուր հաշուարկին ընթացքին գոյանալիք ցուցանիշները մեծ կարեւորութիւն պիտի ներկայացնեն` նկատի ունենալով ՄԱԿ-ի հրապարակած «Հետեւողական բարգաւաճման նպատակներ 2030» փաստաթուղթը, որուն գործադրութեան իմաստով Լիբանան յանձնառու եղած է եւ միշտ ապահոված անոր յօդուածներուն վերաբերող ցուցանիշները:
Դոկտ. Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործադրուելիք այս հաշուարկը պիտի ըլլայ իր ձեւին մէջ առաջինը, որովհետեւ այդ աշխատանքին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել վիճակագրական ցուցակներ եւ տուեալներ` ազգային մակարդակի վրայ, նահանգներու եւ շրջաններու մակարդակին վրայ` նկատի ունենալով, որ այդ հաշուարկը պիտի ընդգրկէ 40.000 ընտանիք:
Դոկտ. Կիտանեան նշեց, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի պարագային պիտի հարցուին 120 հարցումներ: «Աշխատանքը պիտի գործադրուի նոր թեքնիքներով եւ արդիական միջոցներով` երաշխաւորելով ճշգրիտ, թափանցիկ եւ վստահելի արդիւնքներ, որոնք հարազատ կերպով կը ներկայացնեն աշխատաւորներուն եւ ընտանիքներուն պատկերը», յայտնեց ան:
Դոկտ. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիին` այս հաշուարկի աշխատանքը հովանաւորելուն, դոկտ. Ժարատաթին` Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան գործակցութեան եւ Ե. Միութեան` այս ծրագիրը ֆինանսաւորելուն եւ մնայուն կերպով Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան նեցուկ կանգնելուն ու անոր աշխատանքի եղանակը զարգացնելուն եւ որակաւորելուն համար:
Ձեռնարկին խօսքեր արտասանեցին նաեւ Նիլընտ եւ Ժարատաթ, որոնք գնահատեցին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւնը եւ անոր կատարած բծախնդիր ու բարձրորակ աշխատանքը, որ կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն:
Անոնք Լիբանանի համար կարեւոր նկատեցին գործադրուելիք ընդհանուր հաշուարկը` շեշտելով, որ անոր արդիւնքները պիտի ըլլան օգտակար:
Նիլընտ եւ Ժարատաթ հաստատեցին, որ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւած այս ծրագիրը ի վերջոյ կարելի եղած է յաջողցնել դոկտ. Կիտանեանի անխոնջ աշխատանքով ու ջանքերով: Անոնք ընդգծեցին, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը պիտի զօրակցին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան` այս աշխատանքը յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնելու իմաստով:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց երեսփոխան Հուրի, որ հաստատեց, որ վարչապետը կ՛ողջունէ այս աշխատանքը: Ան շեշտեց, որ ներկայ դարը թիւերու դարն է: «Այս դարուն թիւերը այլեւս տեսակէտներ չեն, այլ` սերտուած, թափանցիկ եւ ճշգրիտ կերպով ներկայացուած թիւեր, որոնք օգտակար են, եւ որոնց հիման վրայ պէտք է տալ ճիշդ որոշումներ», ըսաւ ան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Կիտանեանին, որ առանց յուսալքումի կը շարունակէ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի բարգաւաճման բնոյթ ունեցող եւ ապագայ փայլուն Լիբանանը կերտող ծրագիրներու գործադրութեան:
Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին սփռուեցաւ նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան պատրաստած ծանուցումի տեսանիւթը, որ կը կրէր «Քիֆ ահուալաք, խապպըրնա» խորագիրը, եւ կոչ կ՛ուղղէր քաղաքացիներուն գործակցելու վիճակագրութեան համար քաղաքացիներուն դիմող անձնակազմին հետ: