«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հերթական հանդիպումը:
ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները գոյացնելու աշխատանքը, այն վայրերը, որոնք եղած են արխիւներու կեդրոններ, անոնց բովանդակութիւնը, ընդգրկած հարուստ տեղեկութիւնները, արխիւի տարբեր ձեւաչափերը, ինչպէս նաեւ զանոնք դասաւորելու, ցուցակագրելու եւ ապա թուայնացնելու աշխատանքը:
Ե. Փամպուքեան հաստատեց, որ ՀՅԴ արխիւներուն գոյացումը շատ դժուար աշխատանք մը եղած է` նկատի ունենալով տարբեր շրջաններէն, յատկապէս ցարական Ռուսիոյ եւ օսմանեան Թուրքիոյ շրջաններէն ձեռագիր նամակները, ատենագրութիւններն ու այլ փաստաթուղթերը դուրս բերելն ու Ժընեւ հասցնելը` դիտել տալով, որ ՀՅԴ արխիւներու առաջին կեդրոնը եղած է Ժընեւի մէջ, ապա փոխադրուած է Փարիզ եւ 1948-1950-ականներուն` Միացեալ Նահանգներ:
Ե. Փամպուքեան նշեց, որ ՀՅԴ հիմնադիրներէն Ռոստոմ մեծ ներդրում ունեցած է արխիւը գոյացնելու առումով:
Ան նշեց, որ արխիւի գոյացման դժուարութիւններէն մէկը եղած է գրաքննութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ այդ օրերուն ՀՅԴ կոմիտէութիւններն ու պատասխանատու մարմինները այդ հարցը լուծած են ծածկագիր նամակներով ու գրութիւններով:
Ան աւելցուց, որ հետագային ծածկագիր այդ նամակները կարելի եղած է վերծանել օգտագործելով իրենց յատուկ գաղտնաբառերը կամ բանալիները, որոնք սովորաբար կ՛ըլլային երգի բառեր, քառեակներ եւ այլ հնարամիտ գրութիւններ:
Ե. Փամպուքեան հաստատեց, որ ՀՅԴ արխիւները բաց են բոլոր ուսումնասիրողներուն համար եւ անոնց տրամադրութեան տակ կարելի է զետեղել: Ան աւելցուց, որ արխիւները կը պարունակեն նաեւ լուսանկարներ ու իրեր, որոնց մէկ մասը ցուցադրուած են ՀՅԴ Բիւրոյի կեդրոնի թանգարանին մէջ, Երեւան:
Ե. Փամպուքեան ընդգծեց, որ գանձարանի մը համազօր ՀՅԴ արխիւներու դասաւորման, ցանկագրումի եւ թուայնացման աշխատանքը կը շարունակուի:
Հանդիպումը վերածուեցաւ շահեկան զրոյցի` նկատի ունենալով «Ապագայ լրագրողներ»-ուն կողմէ Ե. Փամպուքեանին ուղղուած հարցումներու տարափը:
«Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետաքրքրութիւնը շարժեց ծածկագիր նամակներուն եւ տեղեկագիրներուն վերծանումի եւ զանոնք բնական գրութիւններու վերածելու աշխատանքը: Այս մասին եւս Ե. Փամպուքեան ընդառաջեց ընտրելով գաղտնաբառ մը եւ տեղւոյն վրայ բացատրեց անոր վերծանման աշխատանքի ձեւը, որուն մասնակից դարձան նաեւ «Ապագայ լրագրողներ»-ը: