Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 137-րդ Լսարան. Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան Ներկայացուց «Յակոբ Մնձուրի Գրողի Ուրոյն Հայրենասիրութիւնը»

February 2, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 1 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 137-րդ լսարանը, որուն ընթացքին գրականագէտ եւ արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց «Յակոբ Մնձուրի գրողի ուրոյն հայրենասիրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, որ Յակոբ Մնձուրի  20-րդ դարու հայ արձակի ինքնատիպ դէմքերէն մէկն է: Ծնած է Կարնոյ  նահանգի Արմտան գիւղը: Անոր գրական ժառանգութեան ուղղուածութիւնը հայրենի անդարձ կորած Արմտանն ու շրջակայ գիւղերու արեւմտահայերու կեանքի նկարագրութիւնն է: Յակոբ Մնձուրիի պատմուածքներուն մէջ, որոնք ունին ազգագրական անգնահատելի արժէք, կարելի է գտնել գաւառի հարազատ մթնոլորտը` իր առօրեայով եւ խաղաղ աշխատանքի տեսարաններով: Պատմուածքներուն մէջ ներկայ են հայը, քիւրտը եւ այլ ցեղի պատկանող աշխատաւորներ, որոնք բոլորն ալ ունին հասարակաց գիծ մը` տքնաջան աշխատանքի, խոր վիշտերու եւ արդար ուրախութիւններու նոյն ապրումը: Խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց դասախօսը` իր նիւթը ներկայացնելու:

Երուանդ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Մնձուրին պարզ գիւղագիր չէ, ան արժանի է դրուելու մեր արձակի մեծ վարպետներուն կողքին: Ան պահած է ամբողջ աշխարհի մը դիմագիծը, բանաստեղծական-գեղարուեստական դիմագիծը. հրաշալի կերպարներ տուած է կիներուն, մեծերուն, երեխաներուն, գիւղի ամէնէն տարբեր բնոյթի մարդոց, որոնց մասին խօսած է հիւմըրով, բացառիկ սիրով, հեգնանքով. գիւղի բոլոր հոգերը կան անոր գրութիւններուն մէջ: Մնձուրիի գործերով ազգագրական ճշգրտութեամբ կարելի է վերականգնել ամբողջ աշխարհ մը, ոչ թէ լուսանկարչական անհոգի պատկերը, այլ գեղարուեստական իմաստաւոր դիմագիծը:

Մնձուրին Յովհաննէս Թումանեանի եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի նման է. ան կը սիրէ բոլոր կենդանիները, բոլոր արարածները. իր աշխարհին մէջ կարծես ստուերներ չկան, արարիչը ինք ամէն ինչ ստեղծած է մարդու համար: Մարդու եւ բնութեան, երկրի եւ մարդու ներդաշնակութիւն կայ անոր գործերուն մէջ:

Փրոֆ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ հայ գիւղի կերպարները մեր գրականութեան մէջ այդքան ալ ընդգծուած չեն. արեւմտահայ գրականութեան մէջ լաւագոյն հեղինակը թերեւս Թլկատինցին է, բայց ոեւէ մէկը չի կրնար համեմատուիլ Յակոբ Մնձուրիին հետ, որուն գրականութիւնը մեր ժողովուրդի հոգիի գեղեցկութեան արտայայտութիւնն է: Մնձուրիի խօսքին մէջ ե՛ւ քնարականութիւն կայ, ե՛ւ հերոսականութիւն: Մնձուրին ամբողջ աշխարհ մը փրկեց ստոյգ կործանումէ: Անիկա ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, բայց կը շարունակէ ապրիլ Մնձուրիի գրականութեան մէջ: Մնձուրին մեզի ճանչցուց ամբողջ աշխարհ մը, եւ մենք սիրեցինք այդ աշխարհը. այդ մեր երկիրն է, այդ մեր ժողովուրդն է իր հոգեկան բացառիկ գեղեցկութեամբ: Պատմուածքներէն ամէն մէկը կը բացայայտէ մեր ժողովուրդի բնաւորութեան էութեան որեւէ կողմ, որեւէ գիծ, որեւէ երանգ, եւ բոլորը միասին կը ստեղծեն բացառիկ համապատկեր: Անոր պատմուածքներու աշխարհը կը դառնայ ամբողջ երկրի մը գեղարուեստական հանրագիտարանը: Անոր ըրածը բացառիկ երեւոյթ է, ստեղծածը` բացառիկ գրականութիւն:

Փրոֆ. Տէր  Խաչատուրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մնձուրին կրցած է ստիպել իր բոլոր ընթերցողներուն սիրելու իր հայրենիքը: Մնձուրիին հայրենիքը չի մնար իր գիւղի եւ իր գաւառի տարածութեան մէջ: Երբ կը կարդանք ամէն մէկս, մեր մէջ կ՛արթննայ մեր փոքրիկ հայրենիքը, մեր ծննդավայրը: Մնձուրին մեզի հայրենասիրութեան մեծ դաս կու տայ: Մնձուրիի գրականութիւնը հայ մարդու հոգեկան գեղեցկութիւնը պատկերող գրականութիւն է, եւ այդ առումով անիկա միշտ արդիական է, որովհետեւ գեղեցկութիւնը ժամանակային եւ տարածական սահմաններ չունի»:

Դասախօսութեան աւարտին փրոֆ. դոկտ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Դամասկոս Թրքական Ուժերը Կը Նկատէ Ներխուժող Ու Բռնագրաւող Եւ Կը Սպառնայ Անոնց Հետ Վարուիլ Իբրեւ Այդպիսին

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Կ՛արձագանգէ Մաքրոնի` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Խօսքերուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.