Ուրբաթ, 26 յունուար 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆը` ընկերակցութեամբ անոր խորհրդականներէն Փանոս Մանճեանի:
Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց լիբանանեան բանակին դերը` իբրեւ երաշխիք Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան եւ միութեան:



