Գաղութային

Սրբոց Վարդանանց Տօնը Արժանաւորապէս  Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սրբոց Վարդանանց Տօնը Արժանաւորապէս Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ 451 թուականին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած Սրբոց Վարդանանց: Պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի ուղղեց Վարդանանց տօնի պատգամը: Պատարագի աւարտին վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին մայրավանքի «Շնորհալի»...

Բուն Բարեկենդանի Տօնին Առիթով Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանին Փոքրիկները

Բուն Բարեկենդանի Տօնին Առիթով Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանին Փոքրիկները

11 փետրուար 2018-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանին փոքրիկները` վեհարանի դահլիճին մէջ: Փոքրիկներով շրջապատուած վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կիրակնօրեայ վարժարանին` անոր ջամբած քրիստոնէական դաստիարակութեան ու հայկական կրթութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ գնահատեց փոքրիկներուն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնելով եկեղեցւոյ` կ՛ապահովեն նոր սերունդին գոյատեւումը քրիստոնէական ու հայկական ինքնութեամբ: Աւարտին, իբրեւ շնորհակալութիւն, փոքրիկները...

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնին Առիթով.  Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Արժանաւոր Նշում

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնին Առիթով. Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Արժանաւոր Նշում

451-ը անկիւնադարձային թուական մըն է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Աւարայրի ճակատամարտը եւ Վարդանանց նահատակութիւնը առաւել գօտեպնդեցին մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը, եւ իբրեւ հայ կրցանք յաղթահարել մեզի սպառնացող եւ մեր դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները: 1567 տարիներ ետք Վարդանանց պատգամը կը մնայ այժմէական եւ սերունդներ կը դաստիարակուին անոնց գերագոյն խորհուրդով` հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած պայքարով: Սփիւռքահայութեան սիրտը նկատուող Պուրճ Համուտի Նորաշէն...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի  Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի.  Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց  Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւն

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն` նուիրուած Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նշեց, որ 1500 տարիներէ ի վեր Աւարայրի հերոսամարտը կը տօնախմբուի...

Թէժացած Իրավիճակ Դամասկոսի Մէջ

Թէժացած Իրավիճակ Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ վերջին շրջանին ԻսրայԷլը նոր յարձակումներ իրականացուցած էր Դամասկոսի տարբեր արուարձաններուն մէջ գտնուող զինուորական կեդրոններու վրայ: Ըստ զինուորական աղբիւրներու, անմիջապէս սուրիական բանակի հակաօդային ուժերը հարուած հասցուցին իսրայէլեան օդուժին, պատերազմական մէկ օդանաւէ աւելի վար առնուեցաւ եւ ձախողութեան մատնուեցաւ այդ յարձակումը: Իսկ Դամասկոսի մէջ անցնող շաբթուան ընթացքին բաւական թէժացած իրավիճակ կը տիրէր, Ղութայի եւ Ժոպարի շրջաններէն...

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը

Կոչ Զօրակցութեան

c` կոչ կ՛ուղղենք ամբողջ լիբանանահայութեան, թելադրելով, որ հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, փակ պահուին հայկական բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները, որպէսզի մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունենալիք սուրբ պատարագներուն ու պաշտամունքներուն բերելիք մեր մասնակցութեամբ, մեր սեփական հաւատարմութեամբ մեծարենք հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար արիաբար նահատակուած մեր քաջերն ու սուրբերը: ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ  

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները  Կը Քննարկեն Լիբանանեան Եւ Ազգային Հարցեր

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Քննարկեն Լիբանանեան Եւ Ազգային Հարցեր

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ` 7 փետրուար 2018-ին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի ներկայացուցիչներուն: Ժողովականները քննարկեցին շարք մը լիբանանեան թղթածրարներ: Անոնք ողջունեցին Պաապտայի մէջ կայացած Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հանդիպումը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բնականոնացնել...

Սրբոց Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Տօներուն Առիթով. Հանդիսաւոր Նախատօնակի Արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա նախատօնակի արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօներուն առիթով: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը: Նախատօնակի աւարտին յաւուր պատշաճի պատգամեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան յայտնեց, որ Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց...

Մամլոյ 139-րդ Լսարան.  Լուսանկարչութիւն Եւ Ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)

Մամլոյ 139-րդ Լսարան. Լուսանկարչութիւն Եւ Ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 139-րդ լսարանը, որուն ընթացքին լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ Արա Օշական ներկայացուց «Լուսանկարչութիւն եւ ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)» նիւթը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան, որ ներկայացնելով Արա Օշականը ըսաւ, թէ ան ունի լուսանկարչական ուրոյն ոճ եւ մօտեցում: Անոր համար լուսանկարները իրականութիւնները ուսումնասիրելու,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յակոբ Եափուճեանը  Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ  «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յակոբ Եափուճեանը Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

6 փետրուար 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային թաղումը ազգային-կուսակցական գործիչ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Յակոբ Եափուճեանին: Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով արտասանած դամբանականին մէջ անդրադարձաւ Յակոբ Եափուճեանի կենսագրականին` լուսարձակի տակ առնելով հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր ունեցած նուիրական ներդրումն ու իւրայատուկ...

ՀՄԸՄ-ի Նուաճումները` Ֆետերասիոններուն Մէջ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղ. Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 29 յունուար 2018-ին, ընտրեց վարչութեան նոր կազմ մը: Նորընտիր վարչութիւնը իր առաջին նիստին ընտրեց իր դիւանը` հետեւեալ կազմով: - Եղբ. Կարօ Պէրպէրեան ատենապետ - Քոյր Հեղնար Եղիայեան քարտուղար - Քոյր Ծովինար Ժալըֆեան  քարտուղար - Եղբ. Վարդան Վարդանեան գանձապահ - Եղբ. Դրօ Մանտալեան - Եղբ. Սերուժ Աբիկեան - Քոյր Ցոլեր Արսլանեան...

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ`  Հայ Համալսարանականներուն, Դպրոցականներուն,  Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ` Հայ Համալսարանականներուն, Դպրոցականներուն, Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

Երէկ` երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած կրթանպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին հիմնականին մէջ շեշտը դրուեցաւ հայ իրականութեան մէջ հայ երիտասարդին կարեւոր դերակատարութեան վրայ, որուն գիտակից պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ուսանող եւ ըստ այնմ ծառայէ իր ազգին: Բարի  գալուստի խօսքը արտասանեց...

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գերագոյն Մարմնի Համատեղ Նիստի Յայտարարութիւնը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 13 Դիմումի Ընդառաջում Դեկտեմբեր Եւ Յունուար Ամիսներուն

Իննամսեայ Հաշուեկշիռ` 172 Պարագայ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը դեկտեմբեր 2017 եւ յունուար 2018 ամիսներու ընթացքին ընդառաջած է 13 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր, հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 159 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած է 4 զոյգ, որ պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած է...

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Բագրատունիի

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յաւելեալ կապեր հաստատելու կարելիութիւնները: Յիշենք, որ անցեալ շաբաթ Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած էր նաեւ Լիբանան - Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին հետ, որուն մաս կը կազմէ երեսփոխան Բագրատունի: Այս առիթով նաեւ քննարկուեցան խորհրդարանական գործակցութեան կարելիութիւնները:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ  Կիպրոսի Նախագահին Վերընտրութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Կիպրոսի Նախագահին Վերընտրութիւնը

Երէկ` երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի վերընտրութեան առիթով, անոր ուղղուած շնորհաւորական յատուկ գիրին մէջ ըսաւ. «Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր անձին նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ ակնկալութեան»: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, թէ Անասթասիատեսի նախագահական առաջին շրջանին, «շնորհիւ հետեւողական եւ յանձնառու ճիգերուն, կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան տնտեսական բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի...

Դեսպան Մկրտչեան Եւ «Արմէնփրես»-ի  Տնօրէն Արամ Անանեան Այցելեցին «Ազդակ»

Դեսպան Մկրտչեան Եւ «Արմէնփրես»-ի Տնօրէն Արամ Անանեան Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ կէսօրին «Ազդակ» այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ «Արմէնփրես»  լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, որ Լիբանան կը գտնուի բանախօսելու համար «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին: Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթը կը վերաբերէր հայկական տեղեկատուադաշտի խնդիրներուն: Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով միացեալ ձեռնարկներ (ցուցահանդէս, խորհրդաժողով) կազմակերպելու կարելիութիւնները: Նշենք, որ «Արմէնփրես» եւս կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը:...

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի  Շրջանային  Վարչութեան  Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի.  175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել  Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի. 175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային կազմակերպչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի երդման յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին 175 հայուհիներ ուխտեցին սիրայօժար կերպով ցմահ ծառայել Լիբանանահայ օգնութեան խաչին (ԼՕԽ): Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի մօտ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ...

Մեր Կորուստները.  Ազգային-Կուսակցական Գործիչ  Յակոբ Եափուճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Մեր Կորուստները. Ազգային-Կուսակցական Գործիչ Յակոբ Եափուճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Շաբաթ, 3 փետրուարին իր մահկանացուն կնքեց ազգային-կուսակցական գործիչ Յակոբ Եափուճեան: Յակոբ Եափուճեան ծնած է 24 ապրիլ 1945-ին, Պէյրութի մէջ: Շրջանաւարտ է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանէն: Աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հաշուապահութիւն-տնտեսութիւն բաժինը: Փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ: Ուսանողական տարիներուն Զաւարեան աշակերտական միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ վարած է պատասխանատու պաշտօններ: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադիր...

Մամլոյ 138-րդ Լսարան.  Փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեան Ներկայացուց  «Հայերէնի Արդի Խնդիրները»  Նիւթով Դասախօսութիւնը

Մամլոյ 138-րդ Լսարան. Փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեան Ներկայացուց «Հայերէնի Արդի Խնդիրները» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 2 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 138-րդ մամլոյ լսարանը, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի  տնօրէն փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեան ներկայացուց «Հայերէնի արդի խնդիրները» նիւթով դասախօսութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ վերջին տարիներուն հայոց լեզուի տարբեր հիմնախնդիրներու շուրջ տեղի...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Լիակատար  Նիստեր Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Լիակատար Նիստեր Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, հինգշաբթի 1 եւ ուրբաթ, 2 փետրուար 2018-ին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան յաջորդական նիստեր տեղի ունեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: - Համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան նախ եւ առաջ 2017-ին իրագործուած եւ 2018-ի նախահաշիւ պիւտճէն, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանին ընդհանուր նիւթական կացութիւնը: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ կաթողիկոսարանին տնտեսական ընդհանուր կացութիւնը մնայուն հաշուեքննութեան ենթակայ է թէ՛ յանձնախումբին եւ թէ՛ հաշուեքննիչ ընկերութեան ճամբով:...

Page 239 of 365 1 … 238 239 240 … 365

Արխիւներ