Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, 23 յունուար 2018-ին համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը` նուիրուած ներառական կրթութեան եւ Լիբանանի մէջ անոր կարգավիճակին: Սեմինարը վայելեց Լիբանանի կրթութեան նախարար դոկտ. Մարուան Համատէի բարձր հովանաւորութիւնը:
Սեմինարի բացումը կատարեցին Հայկազեան համալսարանի Արուեստի եւ գիտութիւններու դպրոցի ղեկավար դոկտ. Արտա Էքմեքճի եւ կրթութեան նախարարի խորհրդատու դոկտ. Նատեր Հուտայֆէ, որոնք հանդէս եկան իրենց խօսքերով:
Սեմինարը բաղկացած էր երկու նիստերէ: Առաջինը կ՛ընդգրկէր ակադեմական ներկայացումներ` առնչուած ներառական կրթութեան ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ պատմական հոլովոյթին: Նիւթեր ներկայացուցին Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժական բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Ֆարահ Զէյն եւ Ռիթա Մըրհեժ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Լէյլա Աքուրի Տիրանի եւ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան Խորհրդատուութեան բաժանմունքէն Նահլա Հարպ:
Երկրորդ նիստին քննարկուեցան կրթական մարզին մէջ պատասխանատուներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոնց կարիքները` ապահովելու համար ներառական կրթութեան աւելի արդիւնաւէտ մօտեցումներ: Խօսքեր առին Լիբանանի Աւետարանական դպրոցներու համախմբումի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Նեպիլ Քոսթա, LEAPS կազմակերպութեան հիմնադիր Թասուլա Պասուս, Սայտայի Ռաֆիք Հարիրի երկրորդական վարժարանի տնօրէն Հիպա Ապու Ալֆա Ուահպի եւ Սէյնթ Մերի Օրթոտոքս քոլեճի յատուկ կրթութեան բաժանմունքի համադրող Ազզա Շուէյքի Հաֆի: Զոյգ նիստերու աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի յատկացուած բաժին մը:
Զոյգ նիստերը համադրեց Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօս Շաղիկ Խիւտավէրտեան:




