Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի. 175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին

Փետրուար 5, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային կազմակերպչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի երդման յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին 175 հայուհիներ ուխտեցին սիրայօժար կերպով ցմահ ծառայել Լիբանանահայ օգնութեան խաչին (ԼՕԽ): Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի մօտ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, մասնաճիւղերու վարչականներ, ԼՕԽ-ուհիներ եւ համակիրներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային կազմակերպչական յանձնախումբին անունով Զեփիւռ Յովհաննէսեան ողջունեց ներկաները` նշելով օրուան ուխտի խորհուրդն ու իմաստը` միութենական թէ այլ բնագաւառներու մէջ եւ ապա թուեց յայտագիրին գլխաւոր մասերը: Յովհաննէսեան այս առիթով ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց կազմակերպչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած եւ Կարօ Յովհաննէսեանի կողմէ խմբագրուած «Կենսատու աւիշ` ԼՕԽ-ի կամաւոր բանակին» խորագրեալ գրքոյկը, որմէ մէկական օրինակ բաժնուեցաւ ներկաներուն:

Կնքամայրութեամբ ԼՕԽ-ի բազմավաստակ անդամներէն Թագուհի Ատալեանի, 175 նորագիրներ յոտնկայս ուխտեցին կամաւոր ու սիրայօժար կերպով ծառայել Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` հաւատարիմ մնալ ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն, իրագործել անոր հետապնդած նպատակները եւ յարգել ծրագիր-կանոնագրի բոլոր տրամադրութիւնները: Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի մը պահուն, ԼՕԽ-ի ուխտեալներու կնքամայր ըլլալու իր զգացումներուն մասին հարցումի մը անդրադառնալով, Թագուհի Ատալեան իր խոր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց` յաջողութիւն մաղթելով նորագիրներուն:

Սօսէ Ճինպաշեան

Օրուան պատգամախօսն էր Սօսէ Ճինպաշեան, որ շնորհաւորելէ ետք նորագիրները, սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան պատմականը` ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) «Հայ կարմիր խաչը» խորագրեալ յօդուածի նախաձեռնութենէն մինչեւ Էտկար Ակնունիի (Խաչատուր Մալումեան) 1910-ին ՀՅԴ-ի կողմէ գործուղուիլը Միացեալ Նահանգներ` հիմը դնելու համար «Հայ կարմիր խաչ»-ին: 1945-ին «Հայ կարմիր խաչ»-ը կը վերանուանուի իբրեւ Հայ օգնութեան միութիւն (ՀՕՄ): «Հայ կինը մեր պատմութեան ընթացքին միշտ մասնակցած է պետականութեան կազմութեան աշխատանքին, հեթանոսական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը, եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն, յեղափոխական պայքարին օժանդակած է, որովհետեւ ան կամքի տէր է, զգայուն եւ շրջահայեաց: Ուստի նուիրումի, գութի, բարեսիրական գործը կը համընկնի իր խառնուածքին, յայտնեց Սօսէ Ճինպաշեան: Նշելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ դժուար է կամաւոր աշխատանք տանիլ, Ճինպաշեան հաստատեց սակայն, որ կան անձեր, որոնք սիրով ու հաւատքով կը փարին ու կը համախմբուին հասարակաց գաղափարի եւ նպատակի շուրջ: «ՀՕՄ-ը իր 18 հազար կամաւորներով այն կազմակերպութիւնն է, որ իր շարքերուն մէջ զօրաւոր կամքով , կորովի, ուխտեալ բանակ մը ունի, որուն անդամները կը նուիրուին հայ ժողովուրդի մարմնական եւ մշակութային պահպանման գործին, կը դառնան անոր խաչակիրը եւ հայ ժողովուրդի բաբախող սիրտը», ըսաւ Սօսէ Ճինպաշեան: Ապա պատգամախօսը սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի նպատակին` մէջբերումներ կատարելով ԼՕԽ-ի ծրագիր-կանոնագիրէն: «Պիտի չվախնանք մենք մեզ հաշուեյարդարի հրաւիրելու եւ խոկալու մեր կատարած սխալներուն մասին, որպէսզի միասնական եւ հաւաքական կառոյց դառնանք», ընդգծեց Ճինպաշեան:

Մարալ Յովհաննէսեան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց, Շրջանային վարչութեան անդամ Մարալ Յովհաննէսեան, որ ողջունելէ ետք պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց ուխտեալ ԼՕԽ-ական ընկերուհիները: Մարալ Յովհաննէսեան խրախուսեց նորագիրները եւ ըսաւ. «ԼՕԽ-ը սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ կանացի այն միակ կազմակերպութիւնն է, որ գաղթի օրերէն մինչեւ այսօր կը մնայ պատնէշի վրայ` անսպառ սփռելով իր ազգի բոլոր զաւակներուն ամենայն բարիք` անխտիր: Որքան ալ պարզ թուի ճանապարհը, դիւրին չէ ուղին ԼՕԽ-ականին, սակայն քաջ գիտցէք, թէ այդ փշոտ ճանապարհը միշտ ալ կը յանգի վարդագոյն պարտէզներու, այսինքն` սրտի անհուն գոհունակութեան»: «Ի՞նչ կ՛ակնկալուի ձեզմէ», հարց տուաւ Յովհաննէսեան եւ աւելցուց. «Մնալ հաւատարիմ քիչ առաջ տուած ձեր ուխտին, ապա զինուիլ հաւատքով ու կորովով եւ անվերապահ լծուիլ ԼՕԽ-ի առաքելութեան սրբազան գործին: Մինչ այդ, սիրելի՛ մայրեր, քոյրեր եւ դուստրեր, լաւ իմացէ՛ք, թէ դուք բոլորդ սիւներն էք մեր ազգին, ազգայի՛ն կառոյցին, եթէ դուք ձեզ կանգուն չպահէք, մենք ազգովին կործանած ենք: Ու մանաւանդ դո՛ւք, ուխտեա՛լ ԼՕԽ-ականներ դո՛ւք էք, որ պիտի պահէք մեր հայ օճախները սրբութեամբ, մեր ուրոյն մշակոյթը` պատուով, մեր քաղցրահունչ մայրենին գործածելով, շարունա՛կ գործածելով, մեր աւանդութիւնները յարգելով, պահպանելով. մեր կարօտեալները մի՛շտ սփոփելով: Օ՛ն դէպի յառաջ նոր ուխտեալներ, դաշտը հիմա ձերն է նաեւ, ինչպէս մերն էր եւ է, ուրախութեամբ եւ սիրով մշակեցէ՛ք զայն: Գիտէք, դուք փաղանգն էք Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին, այնպէս որ, եղէ՛ք նպատակասլաց, եղէ՛ք բարի եւ վեհանձն, ձեր երթը ըլլայ միշտ բարի, գործը` բեղուն, արդիւնքը` փողփողուն: Յոյսով տոգորուած` միշտ նուաճեցէ՛ք անխափան գագաթներ երկնահաս, ընկրկիլ  չճանչնաք ու յաջողութիւններ սխրալի ըլլան ձեզի միշտ ուղեկից: Բոլորդ ալ շատ ապրիք ու շատ գործէք միշտ ու միշտ»:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտուհիներէն Մարիա Եագուպեան քանոնի վրայ նուագեց Սայաթ Նովայի սիրերգներէն «Էշխեմետ»-ը: Յաւերժ Շխրտըմեան հմայեց ներկաները` ասմունքելով բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Այս քոյրերը» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը: Տուտուկահար Յակոբ Քէլուկեան նուագեց «Հայրենիքի ջուր», «Իմ հայրենիք» եւ Սայաթ Նովայի սիրերգային փունջէն շարան մը:

Այս առիթով կազմակերպչական յանձնախումբին անունով Սանդուխտ Հերկելեան բեմ հրաւիրեց եւ յատուկ յուշանուէրով պատուեց օրուան կնքամայր Թագուհի Ատալեանն ու պատգամախօս Սօսէ Ճինպաշեանը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգին ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան:

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Ազգային-Կուսակցական Գործիչ Յակոբ Եափուճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Յաջորդը

Հակաօդային Հրթիռով Վար Առնուեցաւ Իտլիպի Վերեւ Թռիչք Կատարող Ռուսական «Սու-25» Մը

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?