Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի. Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւն

February 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն` նուիրուած Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նշեց, որ 1500 տարիներէ ի վեր Աւարայրի հերոսամարտը կը տօնախմբուի հայ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ` ոգեկոչելու յիշատակը ազատութեան ի խնդիր զոհուած այն մարտիկներուն, որոնք նահատակուեցան ի սէր հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ այն յոռի երեւոյթները, որոնք կը խաթարեն մեր արժէքները եւ կ՛անարգեն մեր սրբութիւնները: Ան մաղթեց, որ Վարդանանց տօնակատարութիւնը հայութեան մէջ վերանորոգէ ազգային համերաշխութեան ոգին եւ բաց հրաւէր ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք այլազան պատճառներով հեռացած են ազգային – եկեղեցական կեանքէն: Իր խօսքի աւարտին ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հայորդի ունի իր անփոխարինելի արժէքը հայ ազգի յառաջդիմութեան մէջ եւ իւրայատուկ դերը նորանոր յաղթանակներ ապահովելու աշխարհատարած մեր ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:

Ապա Ազգային միացեալ վարժարանը ներկայացուց խմբային ասմունք «Խորհուրդ Վարդանանց» խորագիրով, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը` ազգագրական պար մը:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ առաջին պատգամախօսը` Հրանդ վրդ. Թահանեան: Ան նշեց, որ հաւատք կոչուածը վերացական գոյավիճակ մըն է, իսկ 21-րդ դարուն անոր մասին խօսիլը քաջերու եւ խենթերու վերապահուած է: Վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին աշխարհի գիտութիւնները աւելի զարգացան: Ան համեմատութիւն մը կատարեց հաւատքի ու գիտութեան մասին եւ ըսաւ, որ եթէ զանոնք նկատենք իրարու հակադիր, ապա պէտք է տեսնենք անոր ապացոյցները մարդկային պատմութեան մէջ. առաջին` նախ պէտք է հաւատացեալներուն թիւը նուազի, բայց ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ քրիստոնէութեան դարձի եկողներուն թիւը բարձր է: Երկրորդ` պէտք է տեսնել հաւատքի չգոյութիւն ամենաբարձր ուսում եւ գիտութիւն ընկալողներուն մօտ: Բայց կարելի է հաւատացեալ եւ անհաւատ գտնել ուսման բոլոր մակարդակներուն մէջ: Ուրեմն հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ հակադրութիւն չկայ:

Վարդանանց պատերազմը կու գայ ապացուցելու, որ մեր հաւատքը թշնամի ունի: Հայոց սպարապետը եւ բանակը հաւատքի ներգործութեամբ զիրենք քառապատկող զօրքը տեսնելով չնահանջեցին: Ընդունուած օրէնք է, թէ պայքարէ մը յաղթական դուրս կու գաս, երբ ճշդած նպատակիդ հասնիս: Հայութիւնը իր նպատակին չհասաւ, բայց պարսիկները յուսահատեցան եւ ո՛չ միայն հաւատքի ազատութեան տեղի տուին, այլեւ Վարդանի եղբօրորդւոյն` Վահան Մամիկոնեանի մարզպանութիւն շնորհեցին, ինչ որ աւելի նպաստաւոր եղաւ հայոց դիրքին:

Հայր սուրբը յայտնեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը միշտ նոր թշնամիի դէմ յանդիման գտնուեցաւ` շեշտելով «Խաչուած-պարտուած թագաւորի մը հետեւելու» անտրամաբանական երեւոյթը: Այսօր մեր թշնամիները մենք ենք, մանաւանդ երբ ծիծաղի առարկայ դարձնենք մեր հաւատքը: Մեր կեանքին մէջ ամէն բան պէտք է քննուի եւ քննարկուի, նոյնիսկ մեր կրօնը, եկեղեցին եւ կրօնաւորները: Եթէ իբրեւ ազգ կ՛ուզենք միշտ յաղթական ըլլալ, ապա պէտք է մեր ներքին թշնամիները սանձենք: Մենք սրբութիւններ ունինք, որոնք անհպելի են, ինչպէս հայոց լեզուն, մեր հայրենիքը եւ պահանջատիրութիւնը, մայրութիւնը:

Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ հաւատաթափութիւնը համատարած դարձած է ժողովուրդին մէջ, հեռացուցած է երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ շրջանակէն եւ մեր ազգային ու մշակութային բնագաւառներէն: Ապա համեմատութիւն մը կատարելով Մամիկոնեաններուն հետ ըսաւ, թէ անոնք հաւատուրաց չեղան, որովհետեւ Վարդան չէր կրնար իր ազգին կտակին դաւաճանել:

Այս տարի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հռչակած է «Անկախութեան տարի»: Սարդարապատի քաջերն ալ անել կացութեան մէջ կը գտնուէին եւ կը յիշեցնեն մեզի, թէ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Վարդան Մամիկոնեանն ալ անել կացութեան առջեւ կը գտնուէր, ան, իր սեփական շահերը անտեսեց եւ խենթութիւն ըրաւ:

Հրանդ վարդապետ իր խօսքի վերջին բաժինով յայտնեց, որ խենթութեան կարօտը ունինք, եթէ երբեք պիտի պահենք մեր հաւատքը, եթէ մեր ժողովուրդը ոսկեդար պիտի ապրի, եթէ երբեք ուրախ պիտի ըլլանք: Իջնենք պատերազմի դաշտ ամէն օր «Վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց», հաւատանք, խենթանանք ու դէպի բարին ընթանանք:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբը` ներկայացնելով «Հիմի էլ լռենք», «Վարդանի երգը», «Հայ ապրինք» երգերը:

Հանդիսութեան երկրորդ պատգամախօսն էր Պետօ Տեմիրճեան: Ան հարցադրումով մը սկսաւ իր խօսքը, թէ ի՞նչ խորհուրդ կը պարունակեն Վարդանի ղեկավարած հայկական բանակը եւ Աւարայրի ճակատամարտը: Վարդանանքը մեզի ամէնօրեայ յիշեցում պէտք է ըլլայ, թէ հայը օտար ուժի դիմաց երբեք չի խոնարհիր եւ ամէն գնով պատրաստ է իր ինքնուրոյնութիւնը պահելու: 451 թուականին Յազկերտի գերադաս բանակին դէմ էր մեր պայքարը, իսկ աւելի ուշ երբ մեր թագաւորութիւնը կորսնցուցինք, հայ մնալու եւ մաքառելու ջահը փոխանցուեցաւ  Մայիս 28-ը կերտող, Հայաստանի Հանրապետութիւն ստեղծող նուիրեալներուն, որոնք Վարդանի եւ Ղեւոնդ Երէցի չափ նուիրեալներ էին, որոնք Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն անմիջապէս ետք կրցան վերակերտել հայկական պետականութիւնը:

Վարդանանց խորհուրդը յաղթանակներ եւ մեր պատմութեան փառաւոր դրուագները յիշելու համար չէ միայն: Անցեալին նայելով` յառաջ երթալու, այս աշխարհին մէջ իբրեւ ազգ զարգանալու եւ գոյատեւելու ուխտին վերանորոգումն է:  Ազգային միաբանութեամբ եւ հաւաքական գործի նկատմամբ սրբազան նուիրումով կարելի է յաղթել եւ զարգանալ ու յառաջ երթալ: Ան նշեց, որ ճգնաժամային այս օրերուն պէտք է շէնցնենք մեր հողը, երկիրը եւ վերահաստատենք մեր ազատութեան ուխտը: Այնպէս ինչպէս հասարակ գիւղացին, շինականը, հողագործն ու դարբինը միացան Վարդանին, նախարարներուն, Ղեւոնդ Երէցին, նոյնպէս ալ այսօր իւրաքանչիւրս իր դերը ունի մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Աւարայրի ճակատամարտը երկար տարիներու վրայ երկարող դիմադրութեան, ապստամբութեան մը գագաթնակէտն էր: Ան նաեւ ռազմական յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ հայոց բանակը դիմադրեց այդ օրերու հզօրագոյն ուժին դէմ:

Պետօ Տեմիրճեան կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու մեր հայրենիքին, զօրավիգ կանգնելու մեր արժէքներուն, տոգորուելու Վարդանով, Ղեւոնդ Երէցով եւ Վահանով, պահպանելու մեր ինքնութիւնը, հայոց տառերը եւ գրականութիւնը:

Ան եզրափակեց իր խօսքը գօտեպնդելով ներկաները չզիջելու մեր արժէքները, բարձր պահելու հայոց եռագոյնը եւ նուիրուածութեամբ հասնելու մեր ապագային:

Ապա «Վարդանի ճառը» մենախօսութիւնը կատարեց Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Դրօ Միրզայեան, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը ներկայացուց «Զարթօնք» պարը:

Օրուան հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան Վարդանանց տօնակատարութիւնը առիթ նկատեց պատուելու մեր պատմութեան մեծերը, մեր առաքինի եւ քաջ կտրիճները, որոնք իրենց կեանքին օրինակով ցոյց տուին այն, ինչ որ թանկագին է եւ արժէք: Վարդանանք նախընտրեցին ռազմադաշտին վրայ իրենց կեանքը նուիրաբերել, քան ուխտադրուժ դառնալով անոնցմէ հրաժարիլ: Համաշխարհայնացած  այս տարօրինակ մթնոլորտին մէջ աւելի արթուն եւ զգուշ պէտք է գտնուինք նոյնինքն մեր անձերուն հետ: Կեանքին մէջ արժէքներ կան, որոնցմէ չենք կրնար հրաժարիլ: Անոնք անցեալին կեանքի գնով մեր քաջերն ու առաքինի կտրիճները պաշտպանեցին: Այդ արժէքները մեր սեփական հաւատքի մասնակցութեամբ եւ հայրենասիրական արտայայտութիւններով պէտք է ապրինք մեր ժամանակներուն եւ իբրեւ սրբազան աւանդ մեր ներդրումով փոխանցենք մեր զաւակներուն, որպէսզի ապրի Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը իր սեփական նկարագիրով ու հաւատքով` առանց վատութիւն խառնելու իր ցեղային նկարագիրին մէջ ունեցած իր քաջութեան ու խիզախութեան:

Շահէ եպս. Փանոսեան իր խօսքի վերջին բաժինով մաղթեց, որ հայ ժողովուրդը առաւել խիզախութիւն ունենայ, որպէսզի մեր հաւատքը ծաղկի մեր կեանքին մէջ եւ հայրենասիրութիւնը պատճառ ըլլայ, որ հայրենիքը առաւել ծաղկի: Ան քաջութիւն մաղթեց այն հայորդիներուն, որոնք հայրենական սահմաններուն վրայ Վարդանանց հոգիով Վարդանանց կտակը իրենց կեանքին գնով կ՛ապրին ու կ՛արժեւորեն:

 

Նախորդը

Թէժացած Իրավիճակ Դամասկոսի Մէջ

Յաջորդը

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնին Առիթով. Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Արժանաւոր Նշում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.