Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յակոբ Եափուճեանը Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Փետրուար 7, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 փետրուար 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային թաղումը ազգային-կուսակցական գործիչ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Յակոբ Եափուճեանին:

Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով արտասանած դամբանականին մէջ անդրադարձաւ Յակոբ Եափուճեանի կենսագրականին` լուսարձակի տակ առնելով հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր ունեցած նուիրական ներդրումն ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը: Ան նաեւ  մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին վկայութիւնը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէր, որ վերջին 40 տարիներուն լիբանանահայութեան կեանքին մէջ Յակոբ Եափուճեան եղաւ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն: «Իր բազմակողմանի յատկութիւններով ան իր կարեւոր ներդրումը բերաւ մեր կեանքի կրթական, մշակութային, հասարակական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Յակոբ Եափուճեանի համար ազգային ծառայութիւնը եղաւ բնական պահանջ, ամէնօրեայ ապրում եւ տագնապ: Ան ծառայեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու բծախնդրութեամբ»: Ըստ Արամ Ա. կաթողիկոսին վկայութեան,  Յ. Եափուճեան իր ստանձնած պարտականութիւնները կատարեց աշխատասիրութեամբ, հետեւողականութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ըլլալով խստապահանջ` նախ իր անձին, ապա իր անմիջական շրջապատին նկատմամբ: «Յաճախ եղաւ խիստ իր կարծիքներուն ու անզիջող իր համոզումներուն մէջ: Լաւագոյնին ձգտելու իր ճիգին մէջ ընթացիկ մօտեցումներէն դուրս գալով` հանգուցեալը յաճախ ունեցաւ իր իւրայատուկ տեսակէտը», դիտել կու տար վեհափառ հայրապետը:

 

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ կ՛անդրադառնար այն երեւոյթին, որ Յակոբ Եափուճեան ազգին հարցերով տագնապեցաւ, մտահոգուեցաւ եւ ընդվզում արտայայտեց յաճախ:

«Ահաւասիկ մեր ազգի ծառէն կանաչազարդ ճիւղ մը եւս կը կոտրի… Մեր սպասումն է, որ իր երկու զաւակները իրենց հօր օրինակին հետեւելով մասնակից դառնան մեր կեանքին` ծառայութեան ճամբով բերելով իրենց կարեւոր նպաստը մեր ազգի ծառին առողջ ու կենսատու պահպանման», կը հաստատէր Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Նկատի ունենալով, որ Յակոբ Եափուճեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խորունկ սէր ու երկիւղածութիւն ունեցաւ հայ դպրութեան ու մշակոյթին նկատմամբ, յետ մահու անոր շնորհուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:

Ապա Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին, դամբանական արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ անդրադարձաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մէջ Յակոբ Եափուճեանի ունեցած բեղուն ու կարեւոր գործունէութիւն, իսկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ անոր ազգային, կուսակցական աշխատանքները, որոնց ընդմէջէն ան լիիրաւ ծառայութիւն մատուցեց լիբանանահայութեան: (Զոյգ դամբանականները կը հրատարակենք յառաջիկային):

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղ. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?