11 փետրուար 2018-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանին փոքրիկները` վեհարանի դահլիճին մէջ:
Փոքրիկներով շրջապատուած վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կիրակնօրեայ վարժարանին` անոր ջամբած քրիստոնէական դաստիարակութեան ու հայկական կրթութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ գնահատեց փոքրիկներուն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնելով եկեղեցւոյ` կ՛ապահովեն նոր սերունդին գոյատեւումը քրիստոնէական ու հայկական ինքնութեամբ:
Աւարտին, իբրեւ շնորհակալութիւն, փոքրիկները վեհափառ հայրապետին նուիրեցին խորհրդանշական վարդ մը եւ ներկայացուցին փունջ մը շարականներ:



