Իննամսեայ Հաշուեկշիռ` 172 Պարագայ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը դեկտեմբեր 2017 եւ յունուար 2018 ամիսներու ընթացքին ընդառաջած է 13 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր, հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 159 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած է 4 զոյգ, որ պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած է ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 8 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 1 նորածին, 2 հազար ամ. տոլար:
Այս ձեւով մայիս 2017-էն մինչեւ յունուար 2018 երկարող 9 ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 172 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


