Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 139-րդ Լսարան. Լուսանկարչութիւն Եւ Ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)

February 8, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 139-րդ լսարանը, որուն ընթացքին լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ Արա Օշական ներկայացուց «Լուսանկարչութիւն եւ ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)» նիւթը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան, որ ներկայացնելով Արա Օշականը ըսաւ, թէ ան ունի լուսանկարչական ուրոյն ոճ եւ մօտեցում: Անոր համար լուսանկարները իրականութիւնները ուսումնասիրելու, վաւերագրելու եւ ճշգրտօրէն պատճենելու միջոց են, բայց մանաւանդ բազմերես ինքնութիւն են, որ կը պատմուին, կը նկարագրուին: Ան «Կլոպըլ Թինքըրզ 2015» յատուկ մրցանակին արժանացած է Լեւոն Փարեանի եւ Վահագն Թովմասեանի հետ «Կը վկայեմ» նախագիծին համար, որուն նպատակը եղած է պահպանել Ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Արա Օշական 20 տարիներու ընթացքին լուսանկարած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւրաւոր վերապրածներու դէմքեր: Իր խօսքի աւարտին Ս. Աբէլեան հրաւիրեց Արա Օշականը իր նիւթը ներկայացնելու:

Արա Օշական ինքնութեան գաղափարին շուրջ ներկայացուց իր երեք տարբեր ծրագիրները` «Ինքնութեան հետքեր» ընդհանուր խորագիրի տակ:

Ան ըսաւ, որ լուսանկարներուն հիմնական մօտեցումը ինքնութեան գաղափարներուն շուրջ է: Կը նկարէ, որ հասկնայ ինքնութիւնը ի՞նչ է, ընթացքը ի՞նչ է: Ան ըսաւ նաեւ, որ լուսանկարներուն մէջէն կարելի է հասնիլ նաեւ ընդհատուած կամ խանգարուած ըլլալու գաղափարին: Իբրեւ հայ ժողովուրդ մեր կեանքի ընթացքը ընդհատուած է Եղեռնով, յայտնեց ան, ապա աւելցուց ըսելով` Լիբանան ծնած, ապա գացած եմ Ամերիկա, իմ ալ կեանքս ընդհատուած ու խանգարուած է:

Առաջին բաժինով Արա Օշական ներկայացուց Լոս Անճելըսի հայ համայնքի լուսանկարները` իրենց ամբողջական մանրամասնութիւններով:

Ան ըսաւ նաեւ, որ լուսանկարներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ անյայտութեան գաղափարին: Ան կարեւոր նկատեց լուսանկարին կառոյցը: Սահմանափակութենէն դուրս ելլելու գաղափարն ալ կը ծագի, երբ կը դիտես որոշ լուսանկարներ, ըսաւ ան:

Երկրորդ բաժինով ան ներկայացուց Արցախի լուսանկարները: Ան անդրադարձաւ իր եւ իր հօրը` Վահէ Օշականի պատրաստած «Հայրենի հող» գիրքին, որ հրատարակուած է 2010-ին: Այս գիրքի պատրաստութեան համար ան 8 տարիէն աւելի նկարած է Արցախի մէջ:

Արա Օշական ըսաւ, որ Արցախի լուսանկարներուն մէջ կ՛արտացոլան պատերազմը եւ անոր հետքերը, բայց միաժամանակ նոր սկիզբը, նոր կեանքը: Ան ուշագրաւ նկատեց Արցախի մէջ սերտ յարաբերութիւնը մարդոց եւ բնութեան միջեւ:

Երրորդ բաժինով Ա. Օշական ներկայացուց Պէյրութի լուսանկարները, որոնք ընթացքի մէջ են եւ չեն աւարտած: Այս բաժինով կ՛արտացոլայ ինքնութեան բազմերես ըլլալու իրականութիւնը:

Աւարտին արուեստագէտ Արա Օշական պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոն-Միջազգային Իրաւարարներ Դրական Ժողով

Յաջորդը

Սրբոց Վարդանանց Եւ Ղեւոնդեանց Տօներուն Առիթով. Հանդիսաւոր Նախատօնակի Արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.