Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծ Պահքը» Նիւթով Դասախօսութիւն` Տարեցներուն

February 16, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 15 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» խոհանոցին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Արամեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ խոհանոցը հիմնուած է 2004-ին: Ծրագիրը սկսած է փոքր թիւով ծերունիներու ճաշ պատրաստելով, ապա քանի մը ամիս ետք անոնց թիւը կրկնապատկուելով` կարիքը զգացուած է ընդարձակել աշխատանքը. ներկայիս 200 ծերունիներու համար շաբաթը երկու օր ճաշ կը պատրաստուի խոհանոցին մէջ: Ան յայտնեց նաեւ, որ ծրագիրը ունի երկու բարերարներ` երեքշաբթի օրուան բարերարը Պերճ Կիւլպէնկեանն է, իսկ հինգշաբթի օրուանը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը: Երկու օրերը ունին իրենց յանձնախումբերը եւ օգնական մայրիկները: Իւրաքանչիւր յանձնախումբ կը բաղկանայ մօտաւորապէս 4-5 ընկերուհիներէ: Ան իր խօսքի աւարտին մաղթեց,  որ բարերարներուն թիւը աւելնայ, որպէսզի երկու օրուան ճաշը դառնայ ամէնօրեայ:

Սօսի Արամեան հրաւիրեց Վիգէն վրդ. Տալգլճեանը, որպէսզի ներկայացնէ իր նիւթը: Հայր սուրբը խօսեցաւ Մեծ պահքի մասին եւ ըսաւ, որ պահք կը նշանակէ Աստուծոյ խօսքը պահել: Բուն բարեկենդանի կիրակին մեզի կու տայ Աստուծոյ խօսքը պահելու խորհուրդը: Մեր նախահայրերը` Ադամն ու Եւան, չկրցան Աստուծոյ տուած խօսքը եւ պարգեւը պահել: Այս պահեցողութեան ընթացքը իր 8 խորհուրդներուն միջոցով մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պահենք Աստուծոյ խօսքը: Եթէ մենք այս պահեցողութեան ընթացքին մեր հոգիները եւ մեր ականջները բոլոր չարիքներէն հեռու պահենք, արդէն իսկ պահքը կատարած կ՛ըլլանք: Հեռաւոր անցեալին մեր հայրերը ճաշի պահք ալ մէջտեղ բերին, որ կենդանական ուտելիքներէն հեռու մնալու պահքն է:

Հայր սուրբը հաստատեց, որ օգուտ չունի ճաշի պահք բռնել եւ ապականող խօսքեր ըսել. պէտք է հոգիները եւ սրտերը մաքրել ու պահել բոլոր չարիքներէն. պէտք է նաեւ շեշտը դնել Քրիստոսի պատգամներուն վրայ: Դասախօսը նշեց, որ ութ շաբաթներու վրայ երկարող պահեցողութիւնը ձեւով մը մեր կեանքին ընթացքը կ՛առաջնորդէ դէպի փրկութիւն: «Բարի կենդանութիւնը բարի կեանք կը նշանակէ, եթէ բարի կենդանութիւնը չպահենք, երկրորդ կիրակիի խորհուրդին նման կ՛արտաքսուինք դրախտէն, Քրիստոսի ներկայութենէն. երբ դուրս արտաքսուինք դրախտէն, անառակ կեանք մը կ՛ապրինք առանց Քրիստոսի: Ապա պէտք է լաւապէս տնտեսենք մեր կեանքը, լաւապէս մեր հոգին փրկենք. երբ լաւապէս տնտեսենք մեր կեանքը, թէ մենք ինչ կատարած ենք, վստահաբար Քրիստոս դատաւորին պիտի դիմենք 5-րդ կիրակին: Քրիստոսի դուռը պէտք է զարնենք, որ մեզի փրկութիւն տայ: Այնուհետեւ մենք կ՛անցնինք Գալստեան կիրակին, երբ Յիսուսի գալուստը տեղի կ՛ունենայ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ եւ անկէ ետք կը ծաղկազարդուինք, ապա յարութիւն կ՛առնենք երկրորդ կեանքով», ըսաւ հայր սուրբը:

Վիգէն վրդ. Տալգլճեան նիւթի աւարտին հոգեւոր գրքոյկներ եւ աղօթագիրք բաժնեց բոլոր ներկաներուն:

Նախորդը

Երբ Թրքերէնն Ու Հայերէնը… Կը Միաձուլուին

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբին Թատերական Աշխատանոցը Սկսաւ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.