Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Տեառնընդառաջի Խարոյկը Մեզի Կը Յիշեցնէ Լոյսը, Որ Կը Փարատէ Կեանքի Խաւարը» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

February 14, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Ան ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ ընծայումը տաճար, եւ այս աւանդութիւնը տակաւին մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի սովորութիւններուն. հայերը Քրիստոսի ընծայման օրինակով իրենց զաւակները քառասնօրեայ հասակին կ՛ընծայեն եկեղեցւոյ սեղանին: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ բարեպաշտական սովորութիւնը խոր իմաստ ունի բոլոր անոնց համար, որոնք հաւատքով կը նային այն բոլոր երեւոյթներուն, որոնք կ՛աւանդուին մեզի  եկեղեցւոյ ճամբով:

Առաջնորդ սրբազան հայրը, ակնարկելով աւետարանական վկայութեան, անդրադարձաւ Սիմիոն ծերունիին, որ չմեռաւ, մինչեւ որ տեսաւ Փրկիչին յայտնութիւնը: «Այս յիշատակը մենք կը նշենք մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն համաձայն, անոր միացնելով                                         խարոյկը, որ մեր հեթանոս նախահայրերէն ժառանգուած գեղեցիկ սովորութիւն մըն է, որովհետեւ մեզի կը յիշեցնէ լոյսը, որ կը փարատէ կեանքի խաւարը եւ ուղղութիւն կու տայ բոլոր անոնց, որոնք չեն ուզեր իրենց գործերը տեսնել մթութեան մէջ, այլ` լուսաւոր պայմաններու մէջ երեւելի կերպով, իբրեւ ուղեցոյց ուրիշներուն», հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը` հրաւիրելով ներկաները զգուշանալու աշխարհի երեւոյթներէն, որոնք մեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ, հակառակ անոր որ բոլորիս կեանքը դժուարութիւններով, նեղութիւններով, տագնապներով լեցուն է, եւ որոնց դարմանը պիտի գայ Աստուծմէ, որ իբրեւ լոյս կը յայտնուի մարդկութեան, որպէսզի մթագնած հոգիները լուսաւորուին, տագնապի մատնուած մեր բանականութիւնը խաղաղի եւ զգանք, որ կեանքի տէրը Աստուած է եւ ոչ թէ մարդ արարածը:

«Լոյսը եկեղեցւոյ ճամբով այսօր կը յայտնուի մեզի: Այդ լոյսով լուսաւորենք մեր գիտակցութիւնը եւ հաւատանք, որ քրիստոնէական արժէքներով ո՛չ միայն կրնանք մենք զմեզ ուղղել, մեր անկումներէն վեր բարձրանալ, այլեւ` հասնիլ փրկութեան», շեշտեց սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ մեր նախահայրերուն սրբազան օրինակը խրատէ մեզ եւ առաջնորդէ դէպի ճշմարիտ լոյսը: Անոնք դարեր առաջ առանց քրիստոնէական կրօնի ծանօթութեան հասած էին այն ճշմարտութեան, որ կեանքին մէջ լոյսն է ճշմարիտ առաջնորդը, որ կը մաքրէ տագնապահար մարդու հոգին, կը լուսաւորէ իր ներաշխարհն ու գիտակցութիւնը եւ կը տանի զինք դէպի Աստուած:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը կատարեց ազգային եւ հոգեւոր երգեր:

 

Նախորդը

Լեհաստանի Վարչապետը Ընդգծեց Լիբանանեան – Լեհական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան»  Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի  60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն

November 2, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուսիոյ  Նախկին Վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուսիոյ Նախկին Վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինը

November 2, 2026
Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Գաղութային

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.