Արամ Ա. կաթողիկոս, իմանալէ ետք Թեհրան-Եասուճ իրանական թռիչքի օդանաւին ջախջախումը, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի:
Ցաւակցագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յանուն կիլիկեան Ս. աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ արկածին զոհերու ընտանիքներուն` աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանէ ու պաշտպանէ Իրանի ժողովուրդը:



