19 փետրուար 2018-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:
Դեսպանը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը Լիբանանի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստանի վարչապետին Լիբանան տալիք այցելութեան մասին:
Արամ Ա. կաթողիկոս, ողջունելով Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող փոխադարձ այցելութիւնները, ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը` երկու երկիրներու տնտեսական զարգացման եւ բարեկամութեան ամրապնդման գծով:



