Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբին Թատերական Աշխատանոցը Սկսաւ

February 16, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 14 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ սկսաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնած թատերական աշխատանոցի առաջին հանդիպումը:

Վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն ամփոփ կէտերու մէջ բացատրեց աշխատանոցին նպատակը:

Թատերական աշխատանոցի ծրագիրի համադրող եւ պատասխանատու, լիբանանահայ հանրածանօթ բեմադրիչ եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօս Յակոբ Տէր Ղուկասեան խօսք առնելով իր կարգին որոշ բացատրութիւններ տուաւ սոյն աշխատանոցի կարեւորութեան, անոր ստեղծած առիթին, նոր երիտասարդները դէպի թատրոն առաջնորդելու առաքելութեան մասին` նկատել տալով, որ աշխատանոցին նպատակն է երիտասարդ ուժերը առաջնորդել դէպի թատրոն, իսկ անոնք, որոնք արդէն իսկ թատերական փորձառութիւն ունին, անոնց գիտելիքներուն ակադեմական, գործնական ու տեսական ցուցմունքներով եւ դասընթացքներով որակական զարկ տալ:

Աշխատանոցի առաջին դասախօսն էր հանրածանօթ թատերագիր եւ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի, որուն դասախօսութեան նիւթն էր «Միջազգային եւ հայկական թատրոնի պատմութիւնը»: Ատրունի նկատել տուաւ, որ իր ներկայացուցած նիւթին ընդմէջէն պիտի անդրադառնայ «թատրոն» հասկացողութեան մտապատկերին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ թատրոն, ո՞ւր է անոր արմատը, ինչպէ՞ս ծագում առած է, ի՞նչ յարաբերութիւններ զարգացուցած է ընկերային հասարակութեան հետ, քաղաքականութեան հետ ի՞նչ դերակատարութիւն ունի, փոխադարձ ազդեցութիւնները ի՞նչ են: Ան խօսեցաւ թատրոնի էութեան, անոր ունեցած դերակատարութեան եւ պարտաւորութիւններուն մասին, պատմութեան զարգացման ընթացքին, նաեւ թէ ի՞նչ ազդեցութիւններ ներգործած են իր վրայ եւ փոխադարձաբար հանրութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի ընթացքին:

Յայտնենք, որ թատերական աշխատանոցը պիտի շարունակուի ամէն չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն վայրին մէջ:

 

Նախորդը

«Մեծ Պահքը» Նիւթով Դասախօսութիւն` Տարեցներուն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. 2017-2018 Տարեշրջանին Ազգային Վարժարաններու Կրթաթոշակները Կը Մնան Անփոփոխ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.