Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (18). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լուսանկարչութեան Ընդմէջէն Լուրերու Դրսեւորումին Եւ Քաղաքականութիւնը Հասկնալու Թեքնիքներուն

February 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հերթական հանդիպումը:

Լուսանկարիչ Արա Օշական «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց շարք մը լուսանկարներ, որոնց մեկնաբանութեան ընդմէջէն անդրադարձաւ լուսանկարներու զօրութեան եւ լուրերը լուսանկարներու ընդմէջէն կարդալու թեքնիքին:

Ներգործօն այս հանդիպումը վերածուեցաւ առիթի մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ»-ը իրենց տեսանկիւնէն դիտելով տարբեր տեսակի լուսանկարներ, փորձեցին պարզապէս նկարագրել լուսանկարները, մեկնաբանել զանոնք, քննադատել, գնահատել եւ մարմնաւորել:

Այս բոլորը կատարելու ընթացքին ի յայտ եկաւ լուսանկարին կարողութիւնը, լուրերուն յարմար լուսանկարները ընտրելու կարողութիւնն ու գիտակցութիւնը, լուսանկարի մը ընդմէջէն տեսակէտ մը կամ ուղղուածութիւն մը դրսեւորելու եւ կամ մթնոլորտ ձեւաւորելու իրականութիւնը:

Արա Օշական յայտնեց, որ լուսանկարը կ՛օգտագործուի իբրեւ միջոց` համոզելու աշխարհը, բացայայտելու գաղտնիքները, ինչպէս նաեւ հասկնալու քաղաքականութիւնը:

Ընդառաջելով «Ապագայ լրագրողներ»-ուն փափաքին` Արա Օշական ներկայացուց նաեւ իր աշխատած ծրագիրներէն բաժին մը` հաստատելով, որ լուսանկարը նաեւ ինքնութիւն դրսեւորելու միջոց է:

 

Նախորդը

«Արեւմտահայերէնը Լեզուական Գանձ Է, Պէտք Է Պահպանենք Ու Փայփայենք Զայն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վիքթոր Կատվալեան

Յաջորդը

Տարեկան Ճաշկերոյթ` Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.