Հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ տեղի ունեցող 8-րդ երկխօսութիւնը շարունակեց իր նիստերը Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ:
Նախորդ օրուան առաջին նիստով իրենց զեկուցումները ներկայացուցած էին Այաթոլլա դոկտ. Ահմետ Մոպալաղի եւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` «Կրօնապետներու փոխազդեցութիւնը կենսոլորտին վրայ. Մոհամետ մարգարէի եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով» նիւթով:
Երկխօսութեան երկրորդ նիստին խորագիրն էր «Կենսոլորտը եւ միաստուածեան կրօններուն ընդհանուր բարոյական արժէքները», ուր իրենց ներկայացումներով հանդէս եկան Թեհրանի հայոց թեմէն Արտոյտ Զոհրապեան եւ Փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեան իրանեան բարձրագոյն հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն եւ հետազօտութեան բաժինի փոխտնօրէն դոկտ. Շահին Ավանի:
Օրուան վերջին նիստին նիւթն էր «Մարդը եւ բնութիւնը իսլամ եւ քրիստոնեայ ուսուցումներուն մէջ», ուր զեկուցեցին կրօնի եւ յարանուանութեան համալսարանի դասախօս դոկտ. սէյիտ Հասան Իսլամի Արտաքանի, թեհրանահայոց եւ հիւսիսային Իրանի խորհրդարանի անդամ դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում:
Յայտնենք, որ ժողովի մասնակիցները երեկոյեան բարձրացան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք` առաջնորդութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին: Ասիկա առիթ մը եղաւ հիւրերուն, որպէսզի այցելեն Ս. Աստուածածին մատուռ, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորան, Նահատակաց հրապարակ եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան: Ապա, անոնք վեհափառ հայրապետին կողմէ հիւրասիրուեցան վեհարանին մէջ:



