Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (23). Երեսփոխան Բագրատունի «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Քարոզչութեան Թեւակոխած Տարբեր Փուլերը

July 7, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց քարոզչութեան թեւակոխած տարբեր փուլերը:

Շօշափելի օրինակներով հարուստ ներկայացումին ընթացքին, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ քարոզչութեան շարք մը միջոցներու եւ ձեւերու, որոնց ընդմէջէն ան ուղղակի կապեր ստեղծեց ընդհանրապէս լրագրութեան աշխարհին հետ, յատկապէս կեդրոնանալով լրատուութեան թեքնիքներուն վրայ:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ ներկայ քարոզչութեան ձեւերուն, յատկապէս ընկերային ցանցերուն եւ անոնց սանձարձակ գործածութեան: Ան ընդգծեց, որ անոնք անհակակշռելի միջոցներ են, որոնք մարդ արարածին ուղղակի վնասներ կը հասցնեն` զայն դարձնելով յարձակողական, ինչպէս նաեւ կը հարուածեն ընկերային բազմաթիւ արժէքներ:

Յ. Բագրատունի հաստատեց լուրին ճշմարտացիութեան եւ բազմակողմանիութեան հսկելու բծախնդրութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ լրագրութիւնը ժողովրդավարութեան արտայայտութիւնն է եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է իւրաքանչիւր լրագրող պահպանէ իր լրագրողի բարոյագիտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի պատասխանեց «Ապագայ լրագրողներ»-ու հարցումներուն:

Նկատի ունենալով պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն «Ապագայ լրագրողներ»-էն հինգին արձանագրած յաջողութիւնները` «Ազդակ»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում` շնորհաւորելու համար զանոնք եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցելու անոնց:

Նշենք, որ մօտիկ ապագային «Ապագայ լրագրողներ»-ու Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը կը հասնի իր լրումին:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Երէկ Երեկոյեան Մեկնեցաւ Իտալիա

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.