Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ «Կրօնը եւ կենսոլորտը» խորագիրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ 8-րդ երկխօսութիւնը:
Բացման նիստին հանդէս եկան Արամ Ա. կաթողիկոսն ու վերոյիշեալ կեդրոնին նախագահը` դոկտ. Իպրահիմի Թիւրքմենը:
Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ իր գնահատանքը յայտնեց տուեալ երկխօսութեան նախաձեռնութեան` ընդգծելով նիւթին անհրաժեշտ ու այժմէական բնոյթը, եւ բարի գալուստ մաղթեց Իրանէն եկած հիւրերուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները:
Հանդէս գալով «Կրօնը եւ կենսոլորտը» նիւթին իր ներկայացումով` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ոչ թէ տեսական, այլ գոյութենապաշտ մօտեցումով պիտի արծարծուին կենսոլորտին դիմագրաւած տագնապները` նկատի ունենալով, որ տագնապը նախ մարդուն, արարիչին եւ արարչութեան հետ յարաբերութեան չարաշահումին հետեւանքն է: Քրիստոնէական տեսանկիւնէն դիտելով` վեհափառ հայրապետը նշեց, որ այն, ինչ որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, բարի է, սակայն մարդոց կողմէ ուժի ապօրինի գործածութիւնն ու անձնական շահերու հետապնդումը պատճառ կը դառնան կենսոլորտի քայքայման: Մարդ արարածը պատասխանատուութիւն ունի կենսոլորտին ու բնութեան հանդէպ. ան ոչ թէ տէրն է, այլ ծառան, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան շեշտեց, որ կենսոլորտի ճգնաժամը հիմնականօրէն աստուածաբանական, բարոյական ու բարոյագիտական hիմք ունի: Մէկ կողմէ տնտեսական անհաւասար աճը, միւս կողմէ աղբիւրներու անհաւասար դասաւորումը պատճառ դարձած են աղքատութեան ու պատերազմներու, որոնք կենսոլորտի չարաշահումի հիմնախնդիրներէն են: Եզրափակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ աղբիւրներու հաւասար բաշխումը, ստեղծագործութեան հանդէպ բարոյական արժէքներով մօտեցումն ու Աստուծոյ հանդէպ պատասխանատուութիւնը կրնան լուծել կենսոլորտի ճգնաժամին խնդիրը:
Ապա, խօսք առաւ դոկտ. Իպրահիմի: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` այս երկխօսութեան հիւրընկալութեան համար: Խօսելով մարդոց կենսոլորտին հանդէպ պատասխանատուութեան մասին` թուեց երկու հիմնական դիրքորոշումներ, որոնցմէ առաջինը կը պաշտպանէ այն թէզը, որ մարդ արարածը ժառանգորդ է եւ իր կարգին կենսոլորտը պիտի փոխանցէ իր յաջորդներուն, իսկ երկրորդը կը պաշտպանէ այն թէզը, որ մարդ արարածը տէրն ու տիրականն է կենսոլորտին: Դոկտ. Իպրահիմին իր ներկայացումը շարունակեց` ընդգծելով մարդոց ագահութեան եւ անպատասխանատուութեան պատճառով տեղի ունեցած վնասները, որուն պատճառներէն մէկն է Աստուծոյ հետ խզումը, եւ ընդգծեց կրօնական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը այս առնչութեամբ: Աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ տուեալ երկխօսութիւնը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ բարելաւելու մարդոց կենսամակարդակը եւ ապահովելու յաջորդ սերունդներուն բարեկեցիկ կեանքը:
Նշենք, որ «Կրօնը եւ կենսոլորտը» երկխօսութեան առաջին նիստին ներկայացում ունեցան այաթոլլա դոկտ. Ահմետ Մոպալաղի եւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` «Կրօնապետներու փոխազդեցութիւնը կենսոլորտին վրայ. Մոհամետ մարգարէի եւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով» նիւթով, որմէ ետք յիշեալ նիւթին շուրջ տեղի ունեցաւ քննարկում:
Եռօրեայ երկխօսութեան առաջին օրը իր աւարտին հասաւ պաշտօնական խմբանկարով մը: