Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 1 յուլիս 2018-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան քառօրեայ ժողովին բացումը:
Վեհափառ հայրապետը բացման նիստին դասախօսեց միջեկեղեցական շարժումին մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ ներկայիս այդ շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ միջեկեղեցական շարժումը թէ՛ տեղական եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ գործունէութիւն ունեցող իրողութիւն մըն է, որ սոսկ ժողովներու ու ակադեմական ոլորտին չի պատկանիր, այլ նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս չորս կէտերու մէջ ամփոփեց միջեկեղեցական շարժումին յատկանշական երեսները, որոնք աւետարանական արժէքները կը փորձեն կենսագործել տարբեր միջոցներով: Ան յայտնեց, որ միջեկեղեցական շարժումը կը յիշեցնէ, թէ բոլորս ալ կը պատկանինք մէկ Աստուծոյ եւ թէ բոլոր տարբերութիւնները կը վերանան Քրիստոսի հովանիին ներքեւ:
Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս մանրամասն անդրադարձաւ միջեկեղեցական աշխարհի մարտահրաւէրներուն, որոնք յառաջ կու գան ընկերային, մշակութային ու քաղաքական վիճակներէ, եւ եզրափակեց իր խօսքը` նշելով, որ միջեկեղեցական շարժումը չի կրնար գոյատեւել առանց տեսլականի, որ կը կայանայ եկեղեցիներու միասնութեան մէջ:
Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, որուն ընթացքին ժողովականները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու վեհափառ հայրապետին:
Նշենք, որ Իրանի հայոց երեք թեմերը անդամ են Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Հոնկ Քոնկի մէջ, իսկ յիշեալ ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն կը մասնակցի Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Յայտնենք նաեւ, որ ժողովին բացման նիստին իրենց բարի գալուստի խօսքերը արտասանեցին Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի ատենապետ Տիանա Թանա, խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մաթիու Ճորճ Չունաքարա, իսկ ժողովին ներկայ էին խորհուրդի Գործադիր վարչութեան աւելի քան 20 անդամները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի: