Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէսը

Յունիս 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, երէկ` չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան կազմակերպած` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի ամավերջի հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեան յաջորդեց Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի աղօթքը, որմէ ետք խօսք առաւ Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Զուարթնոց» կեդրոն յաճախող աշակերտութիւնը տարբեր է մեծամասնութենէն իր հոգեկան աշխարհով, իր մտածելակերպով, իր վարուելակերպով եւ երբեմն իր արտաքին տեսքով: Ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր անհատ, որ կը շնչէ այս աշխարհին վրայ, ստեղծուած է նպատակի մը համար եւ ամէն ոք իր արժէքն ու ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը ունի, որքան ալ տարբեր ըլլայ ուրիշներէ: «Երբ կը լսենք անկարող, տկար կամ թերաճ ածականները, մեր միտքերը կ՛ուղղուին դէպի միտքի կամ ֆիզիքական անկարողութիւն, որոնք անկասկած կը խափանեն տուեալ անհատին կեանքի բնական ընթացքը, սակայն երբեք չենք անդրադառնար այլ անընդունելի ժխտական նկարագրային յատկանիշներուն, որոնք կը խաթարեն մեր ընկերութիւնները, մշակոյթները եւ պետութիւնները: Չենք անդրադառնար մարդ արարածը իր մարդկութենէն մերկացնող տկարութիւններուն, ինչպէս` ատելութիւնը, նախանձը, եսասիրութիւնը, անարդարութիւնը, դաւաճանութիւնը», շեշտեց Քրիստին Սարգիսեան` աւելցնելով, որ մասնաւոր կարիքներ ունեցող անհատները պարզապէս պէտք ունին մեր խնամքին եւ հոգածութեան դիմաց առատօրէն տալու իրենց բացարձակ սէրը, յարգանքը եւ հաւատարմութիւնը:

Այնուհետեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները հանդէս եկան «Արմիկին երազը» ներկայացումով, բեմադրութեամբ` Յարութ Հարպոյեանի, մասնակցութեամբ Բալիկ Սրապոնեանի, Արմիկ եւ Հերմիկ Աբրահամեաններու եւ ջութակի վրայ Սելլա Սվաքճեանի, որմէ ետք ներկայացուցին «Կօշկակարներ» խորագիրը կրող կենդանի պատկեր մը, ռիթմիք ներկայացում, «Մոնտիալ», «Պամպուներու պար», «Հու հա» հայկական պար, իսկ Ժան-Լիւք Ժապուրի դաշնակի վրայ մեկնաբանեց երաժշտական կտոր մը:

«Զուարթնոց»-ի առօրեան արտացոլող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք հայերէնով եւ անգլերէնով խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէն Վարդի Օհանեան-Գէորգեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Զուարթնոց» կեդրոնին մասին խօսիլը եւ վկայելը եղած է ուրախութեան, հպարտութեան եւ գոհունակութեան առիթ մը` աւելցնելով, որ «Զուարթնոց»-ը ընկերային, կրթական, դաստիարակչական կառոյցէն անդին եւ վեր` ապրում է, զգալու եղանակ եւ գործելու կամք: «Զուարթնոց»-ը լիբանանահայ գաղութի միակ յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնն է, որ կը ջամբէ հայեցի դաստիարակութիւն` իր յատուկ կրթական ծրագիրին կողքին: «Զուարթնոց»-ը այն առողջ ու ապահով միջավայրն է, որ հիմնուած է ազնիւ աշխատանքի վրայ, սթափեցնելու առհասարակ ամբողջ ժողովուրդը` ընկերային եւ առողջապահական բազում անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները մնայուն առաջնակարգ հարցի վերածելու», հաստատեց տնօրէնը` շեշտելով, որ սոյն աշխատանքը կ՛ենթադրէ հաւաքական ճիգ, հետեւողական կամք եւ ամբողջական հաւատք: Եզրափակելով իր խօսքը` Վարդի Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան եւ սատարեցին սոյն հանդէսի յաջողութեան:

«Իմպրէյս Միտըլ Իսթ»-ի վարչութեան պատուիրակ դոկտ. Քէյթրին Քրաֆթ անգլերէնով ունեցած իր ելոյթին ընթացքին բացատրեց, որ  «Իմպրէյս Միտըլ Իսթ»-ը բարեսիրական հաստատութիւն մըն է, որ կ՛աշխատի Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող կազմակերպութիւններուն հետ եւ հիմնուած է կրօնական սկզբունքներու վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա իր առաջին այցելութիւնն է «Զուարթնոց» կեդրոն, որուն մասին շատ լաւ տեղեկութիւններ լսած է: Ան ըսաւ, թէ իր գործակիցներէն իմացած է երկարատեւ գործակցութեան մասին, որ ունեցած են «Զուարթնոց»-ի հետ, եւ այդ տարիներուն ընթացքին կեդրոնը առաւել եւս կազմաւորուած եւ զօրացած է: Ան յայտնեց, որ կեդրոնին մէջ կը տիրէ ջերմ եւ զարգացողական մթնոլորտ` իւրաքանչիւր աշակերտի տրամադրելով տաք բնակարան մը` աւելցնելով, որ կեդրոնը մեծ աշխատանք կը տանի, որպէսզի դժուարութիւն ունեցող անձերը ընդունուին ընկերութեան մէջ: Դոկտ. Քէյթրին Քրաֆթ շեշտեց, որ «Իմպրէյս Միտըլ Իսթ»-ը  հետաքրքրուած է «Զուարթնոց» կեդրոնի ապագայի ծրագիրներով, որոնք կը ներառեն տեղափոխութիւն դէպի նոր եւ ընդարձակ վայր մը, որ պիտի կարենայ ամբողջացնել աշակերտներուն կարիքները եւ դիւրացնել անձնակազմին աշխատանքը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան հաստատեց, որ միասնաբար նոր առիթներ պիտի ունենան իրենց ծառայութիւնները ընդարձակելու եւ տարածելու:

Այնուհետեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի պաշտօնեաներէն Ցողիկ Պապուքեան-Աւեսեան եւ Սիլվա Թասլաքճեան, որոնք յառաջիկայ տարի պիտի չգործեն կեդրոնին մէջ,  պարգեւատրուեցան իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ երբ տան մէջ երեխայ կայ, անպայմանօրէն հոն ուրախութիւն կայ: Ճիշդ է, որ երեխայի հոգատարութիւնը բաւական ճիգ կը պահանջէ, սակայն անոնք, որոնք այդ ճիգը կը թափեն, վստահաբար կը ճաշակեն վարձատրութիւն եւ ուրախութիւն: «Միեւնոյնն է պարագան «Զուարթնոց» կեդրոնին: Այս տան երեխաները կը պարգեւատրեն բոլոր անոնք, որոնք անդուլ աշխատանքով կը փորձեն կեդրոնին յանձնուած երեխաներուն մէջ բան մը կերտել, շնորհք մը, կարողութիւն մը զարգացնել, որպէսզի ընկերութեան մէջ անոնք կարենան նուազագոյն ձեւով իրենց կարիքները հոգալ», հաստատեց սրբազան հայրը` մաղթելով, որ Աստուած ուժ եւ կորով պարգեւէ անձնակազմին, որպէսզի անոր անդամները համբերութեամբ եւ սիրով շարունակեն այն, ինչ որ նուիրումով միայն կարելի է տանիլ: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ ամէն ինչ միատեսակ եւ միագոյն չէ: Կան գոյներ, որոնք Աստուած պարգեւած է, որ հաճոյանանք եւ դիտենք, բայց կան նաեւ վիճակներ, որոնք Աստուծոյ կողմէ հաստատուած են, որպէսզի անդրադառնանք, որ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւին` կեանքին հետ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ պէտք է վարուիլ:

 

Նախորդը

ՀԵՀՈՄ-ը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 55-ամեակը

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի Ու Միջազգային Հաղորդակցութեան Կեդրոնին Միջեւ Կրօններու Երկխօսութիւնը Ընթացք Առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?