Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեսչական պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Օրուան պատարագիչն էր դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան: Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ուսումնական-կրթական 89-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին միաբան հայրեր, ուսուցիչներ, դպրեվանքի բարեկամներ, ծնողներ եւ դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող բազմութիւն մը:
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ դպրեվանքի քայլերգով եւ թարգմանչաց վարդապետաց նուիրուած շարականով` կատարողութեամբ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ճորճ սրկ. Աբրահամեան: Ան ըսաւ, թէ 5-րդ դարու այս յաղթանակը դպրութեամբ տեղի ունեցաւ` շնորհիւ ճշմարիտ եւ իմաստուն յեղափոխականներու: Խօսելով դպրեվանքի առաքելութեան մասին եւ ակնարկելով անոր վերամուտին Թարգմանչաց տօնին օրուան զուգադիպելուն, ան դպրեվանեցի իր եղբայրներուն անունով վերանորոգեց թարգմանչաց սերունդին կտակը իրագործել շարունակելու եւ հայու ոգին քրիստոնէական դաստիարակութեամբ ու հայեցի կրթութեամբ պայծառացնելու ուխտը:
Ուսումնական-կրթական տարեշրջանին բացման առիթով իր խօսքը արտասանեց տեսուչ հայր սուրբը: Ան ըսաւ, որ դպրեվանքին մէջ կերտուած հոգեւոր եւ ազգային մշակները իբրեւ առաքեալներ գործուղուած են սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Այս առիթով, ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց դպրեվանքի ուսուցչական կազմին, դաստիարակներուն, ինչպէս նաեւ տիկնանց խորհուրդին, ծնողներուն եւ բարերարներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին դպրեվանքի առաւել ծաղկման: Եւ վերջապէս, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ մօտէն կը հետեւի Դպրեվանքի գործունէութեան եւ դպրեվանեցիներուն բարօրութեան:
Աւարտին, հայրապետական իր պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը: Թարգմանչաց վարդապետներու սրբազան առաքելութիւնը եւ հսկայ աշխատանքը պատմութեան մէջ իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ մշակութային, հոգեւոր ու ազգային մակարդակներու վրայ, ասոր շնորհիւ ալ հայ ժողովուրդին մօտ քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայկական: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատքը հայերէնի թարգմանելով, թարգմանիչ սուրբերը հայերէնի թարգմանեցին քրիստոնէութեան ոգին, տեսլականը եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքները: Ան շարունակեց ըսելով, որ քրիստոնէութեան պետական կրօն դառնալէն ետք, գիրերու գիւտն ու թարգմանչաց գործը ամբողջացուցին հայ ժողովուրդին գոյութիւնը ապահովելու պայքարը: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հոն, ուր ինքնուրոյն մշակոյթ չկայ, քրիստոնէական հաւատքը կը մնայ վերացական սահմաններու մէջ. Հետեւաբար, «ազգային մշակոյթով քրիստոնէական հաւատքը ներթափանցեց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ հաւատքն ու մշակոյթը նոյնացան: Այս նոյնացումը մեր ժողովուրդին տուաւ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը: Քրիստոնէական հաւատքը հայացաւ, եւ մեր ժողովուրդին առջեւ բացուեցաւ իր անմահութեան ճանապարհը», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Խօսելով դպրեվանքի հոգեմտաւոր կրթութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ թարգմանչաց սերունդին տագնապներով եւ պատգամով կը գործէ դպրեվանքը ու իր ջամբած կրթութեամբ կոչուած է թարգմանչաց սերունդին կտակը նուիրականութեամբ վառ պահելու: «Ահաւասիկ, սիրելի՛ աշակերտներ, մենք ա՛յս ոգիով պիտի շարունակենք թարգմանչաց նուիրական առաքելութիւնը դպրեվանքի ճամբով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով: Հազար փա՛ռք ու յարգա՛նք մեր թարգմանչաց սերունդին, որ մեր ինքնութիւնը կերտեց: Մենք վերանորոգ հաւատքով կոչուած ենք հաւատարիմ մնալու եւ շարունակելու թարգմանչաց սրբազան երթը», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր` Աւետարանի եւ սաղմոսի ընթերցումով:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» քայլերգի եւ «Հայրապետական մաղթանք»-ի երգեցողութեամբ ու վեհափառ հայրապետին պահպանիչով:




