Արամ Ա. Կաթողիկոս Պեռնի Մէջ Դասախօսեց Միջեկեղեցական Շարժումին Մասին
Շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պեռն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, քաղաքի մայր տաճարին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ միջեկեղեցական շարժումի ներկայ իրավիճակին մասին: Դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նաեւ մասնակցեցան վեհափառ հայրապետին ընկերակցող միաբան հայրերը` Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան: Արամ Ա. կաթողիկոս իր դասախօսութեան սկիզբը ընդհանուր ակնարկ...




















