Հռոմէն Ժագ Քէշիշեան կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ մը` հրաւէրով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Անոր ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան հիւրեր` սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներու ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Լորենզօ Պալտիզերի, Սրբադասման խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ճովաննի Անճելօ Պեքչու, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովի նախագահ կարտինալ Կալթիերօ Պասեթի, մարոնի համայնքի պատրիարք կարտինալ Պշարա Ռայի, քաղդէացւոց կաթողիկէ համայնքի պատրիարք կարտինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սագօ, յոյն կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Եուսեֆ Ա. Ապսի, Աղեքսանդրիոյ ղպտի կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Իպրահիմ Իսահակ Սիտրագի, Պէյրութի լատիններու թեմի պապական նուիրակ արհիապատիւ Սեզար Եսայեան, Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Թեհրանի քաղդեացւոց կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Ռամզի արք. Կարմու, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեան, քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Նարեկ ծ. վրդ. Նաամոյեան, Վատիկանի մէջ ասորի կաթողիկէ պատրիարքի ներկայացուցիչ Ժորժ ծ. վրդ. Մասրի, գերյարգելի ու գերապատիւ վարդապետներ եւ վարժարանին ժառանգաւորները:
Ֆրանսերէնով խօսք առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը` կրկնելով սրբազան քահանայապետի խօսքը. «Եկեղեցին երկու թոքերով կը շնչէ` Արեւելքով եւ Արեւմուտքով»: Ապա ան աւելցուց. «Մենք` իբրեւ արեւելեան ժողովուրդ, որ ցեղասպանութենէն ետք շատ բաներ կորսնցուցինք եւ կարողացանք կրկին անգամ մեր ոտքերուն վրայ կենալ ու մեր գոյութիւնը փաստել, այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պատմութիւնը կը կրկնուի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Հետեւաբար մեր հաւատքի վկայութեամբ պիտի փորձենք յաղթահարել ամէն չարիք»: Այնուհետեւ հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ կարտինալ Աղաճանեանին` ըսելով. «Մենք կը հաւատանք, որ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանը սուրբ մըն է, եւ ասոր հիման վրայ կը փորձենք շուտով սրբադասել զինք, որպէսզի օրինակ հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան եւ հաւատքին»:
Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի աւարտին կարտինալ Սանտրի խօսք առաւ, ան բոլորին անունով գոհաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, եպիսկոպոսներուն, վարժարանի մեծաւոր հօր եւ ժառանգաւորներուն` այս գեղեցիկ առիթին համար:




