Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Ղուկասեան Արաբերէնով Կը Բեմադրէ Արա Արծրունիի «Մժեղը»

October 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբաթավերջին, «Մոնօ» թատերասրահի փոքր սրահին մէջ ընթացք առաւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի նոր բեմադրութիւնը` Արա Արծրունիի «Մժեղը»` արաբերէն լեզուով: «Քոլեքթիֆ տը լաքթ»-ի դերասաններէն Թոնի Ֆարահ եւ Սառա Ապտօ, անոնց միանալով Ժոզեֆ Խուրի եւ Անժելա Խալիլ, մէկ ժամուան ընթացքին մեզի հրամցուցին չորս կերպարներ, որոնց զրոյցը կը դառնայ մժեղ մը սատկեցուցած ըլլալնուն շուրջ:

Թատերախաղը կը սկսի բեմադրիչին ազդանշանով, եւ կիսամութ սրահ մուտք կը գործեն երեք նոյնանման զգեստներով ու շպարով պարոններ: Ի դէպ, Սարգիս Ասատուրեանի ստեղծագործութեամբ մէջտեղ եկած զգեստները բաւարար են լեցնելու բեմայարդարութենէ մերկ սրահը: Թատերախաղը կ՛ունենայ իր անկիւնադարձը, երբ չորրորդ պարոնը մուտք կը գործէ բեմ` իր սպիտակ հագուստով: Հոս եւս զրոյցը կը դառնայ մժեղ մը սատկեցուցած ըլլալնուն շուրջ, որմէ ետք կը վերածուի ինքնութիւն չունեցող չորրորդ կերպարին հեղինակութիւն տալուն: Հոս է, որ չորրորդ կերպարը` ստանալով իրեն շնորհուած ուժը, կը կոտրէ իր նախկին երկչոտ բնաւորութիւնը, եւ, մանաւանդ հանելով իր սպիտակ հագուստները եւ հագնելով միւսներուն հագուստէն, կը դառնայ անոնցմէ մէկը: Ինքնութիւնն ու հեղինակութիւնը կը վերածուին մժեղ մը սատկեցուցած ըլլալու կիզակէտները: Փաստօրէն, մժեղը սատկեցնելու միջոցով հեղինակութեան ուժը մէկ պարոնէն միւսը կը դառնայ ու բեմի փոքրիկ տարածքին մէջ կ՛արտացոլացնէ մեր ընկերային ու քաղաքական կեանքի մանրանկարը:

Դերասաններուն մասնագիտական խաղարկութիւնը մէկ կողմէ, լոյսի սարքաւորումը եւ երաժշտութիւնը (Հրայր Գալէմքերեանի) միւս կողմէ, ինչպէս նաեւ Արծրունիի անհեթեթի թատրերգութիւնն ու Տէր Ղուկասեանի բեմադրութիւնը հանդիսատեսը արուեստի տեսակէտէն կը յագեցնեն:

Գործին յաջողութեան համար իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են նաեւ Փաթիլ Գուլաճեան, Մհեր Ծատուրեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Բալիկ Ծատուրեան, Ռոստոմ Գույումճեան, Էթիեն Սիւքիւնեան, Մոհամետ Ֆայիզ Թարապիշի, Ժալալ Շաար եւ Ֆարիտ Շաուքի:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. «Կատուն Հենց Կատու Է». Ֆրանսական Թեմիսը Հաստատել Է Ալիեւեան Վարչակարգի Բռնապետական Էութիւնը

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.