Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2017-2018 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Հոկտեմբեր 13, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան նախ եւ առաջ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու վերջերս իր մահկանացուն կնքած Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը, ապա ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ աւելի քան 35 տարուան վաստակով, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը իր մշակութային գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը կը ծաւալէ Լիբանանի մէջ` Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի զոյգ կեդրոններով: Ան նկատել տուաւ, որ քոլեճը իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ տարուէ-տարի կ՛ունենայ թիւի աճ, եւ այս տարեշրջանին արձանագրուած են նաեւ ոչ հայ աշակերտներ: Թամար Սնապեան-Սուրճեան յայտնեց, որ քոլեճի ամավերջի հանդէսը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ տարեվերջի աւարտին` յունիս ամսուան վերջաւորութեան, սակայն այս տարի բացառաբար եւ զանազան յարգելի պատճառներով հանդէսը տեղափոխուեցաւ վերամուտին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան 7-րդ դասարանի շրջանաւարտները: Դաշնակի վրայ Նուր Ասմար մեկնաբանեց Թուսենի «Ա քոմ ամուր»-ը, Ներսէս Ջուլճեան` Ա. Խաչատուրեանի «Մասքարատ Սուիթ»-ը,  Ալեակ Մկրեան` Բ. Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Սիլվիա Սերայտարեան` Կոմիտասի «Շուշիկի»-ն, Սէրլի Մաթոյեան` Պախի յօրինումներէն կտոր մը, Նանոր Հարմանտայեան` Շոփենի «Նոքթիւրն»-ը: Դաշնակի վրայ Նարէ Աղասարգիսեանի ընկերակցութեամբ ջութակի վրայ Յակոբ Շամահեան մեկնաբանեց` Վիվալտիի «Քոնսերթօ ին Ճի»-ն, իսկ Գէորգ Պուտագեան` Գ. Հախինեանի «Փըրփեթիւմ մոպայլ»-ը: Ճոնի Պէյլէրեան թմբուկի (տրամզ) վրայ ներկայացուց Սիսթըմ աֆ է Տաունի «Հոլի Մաունթընզ»-ը, Նարեկ Մեսրոպեան կիթառի վրայ մեկնաբանեց Բ. Կանաչեանի «Օրօր»-ը` Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակումով, Կասիա Լեւոնեան սրինգով նուագեց Փերկոլեսիի «Քոնսերթօ ին Ճի»-ն` ջութակի ընկերակցութեամբ Մարինէ Հալլաճեանի եւ Նարօտ Ադամեանի, իսկ Կայէլ Գրիգորեան քանոնի վրայ մեկնաբանեց Խ. Աւետիսեանի «Փըրփեթիւմ մոպայլ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Գրիգորեանի:

Այնուհետեւ սրտի խօսք արտասանեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան: Ան նկատել տուաւ, որ 2018-ը ամեակներու տարի մըն է. Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակ, Համազգայինի 90-ամեակ, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ, Արցախեան շարժումի 30-ամեակ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակ: Էմմիեան ըսաւ, թէ 2017-2018 տարեշրջանին երաժշտանոցը դժուարութիւններու դիմաց գտնուեցաւ, որովհետեւ կարգ մը ուսուցիչներու առողջական լուրջ հարցեր դիմագրաւելուն, իսկ ոմանց երկրէն գաղթելուն պատճառով քոլեճը ինքզինք գտաւ կատարուած իրողութեան եւ անելի մատնուելու լուրջ վտանգ պարունակող անախորժ կացութիւններու առջեւ` աւելցնելով, որ ստեղծուած դժուարութիւնները յաղթահարել կարելի եղաւ ուսուցչական կազմի գործակցութեան եւ ծնողներու հասկացողութեան շնորհիւ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած բարձր գիտակցութեան եւ օժանդակութեան համար` աւելցնելով, որ իրարու հետ գործակցութիւնը կենսական է` արդիւնաւորելու համար աշխատանքը, եւ անոր շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ յառաջընթաց արձանագրել:

Շարունակելով իր խօսքը` Էմմիեան թուեց 2017-2018 տարեշրջանի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին արձանագրած պատուաբեր արդիւնքները. Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած «Վերածնունդ» միջազգային մրցանք-փառատօնին քոլեճի կիթառի ուսանողներէն Արի Տագէսեան եւ Ալեքս Տապաղեան 15-18 տարեկան կիթառահարներու դասակարգին մէջ ապահոված են Ա. դիրքը, քոլեճի կիթառի ուսուցիչներէն Եսայի Եսուկ Սգայեան 23 տարեկանէն վեր կիթառահարներու դասակարգին մէջ ապահոված է Ա. դիրքը, քոլեճի ջութակի ուսանողներէն Միքայէլա Պոյաճեան 8-12 տարեկան ջութակահարներու դասակարգին մէջ ապահոված է Բ. դիրքը, իսկ քոլեճի կիթառի ուսուցիչներէն Մկրտիչ Միքայէլեան, որ հրաւիրուած էր Գիւմրի, իբրեւ դատական կազմի անդամ, նշեալ մրցանք-փառատօնի ծիրին մէջ տուաւ վարպետութեան դասեր: Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած 14-րդ աւանդական «Տանիւպ» նուագախմբային խմբավարութեան միջազգային մրցանքին առաջին եւ գլխաւոր մրցանակներուն տիրացաւ քոլեճի լարային համոյթի խմբավար, երաժշտական տեսութեան եւ ներդաշնագիտութեան ուսուցիչ Կարօ Աւեսեան: Քոլեճի շուիի եւ խմբավարութեան ուսուցիչ Զաքար Քէշիշեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ արժանացաւ Արցախի Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումին, իսկ դաշնակի ուսուցչուհիներէն Անահիտ Հախվերդեան Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ստացաւ գնահատանքի յուշատախտակ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Յարութ Մարկոսեան ստացաւ քոլեճի ջութակի աւարտական վկայական: 7-րդ դասարանի վկայական ստացան Նուր Ասմար, Ներսէս Ջուլճեան, Ալեակ Մկրեան, Սիլվիա Սերայտարեան, Սէրլի Մաթոյեան, Նանոր Հարմանտայեան, Յակոբ Շամահեան, Գէորգ Պուտագեան, Ճոնի Պէյլէրեան, Նարեկ Մեսրոպեան, Կասիա Լեւոնեան եւ Կայէլ Գրիգորեան:

Հանդիսութեան աւարտին օրհնութեան խօսք արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: «Կեանքին մէջ վկայական առնելու եւ վկայական տալու պահեր կան բարեբախտաբար», ըսաւ սրբազան հայրը` իր խօսքի սկզբնաւորութեան շնորհաւորելով «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակը եւ այս առիթով նաեւ 2017-2018 տարեշրջանի հունձքը: «Աշխատանքի, զոհողութեան, տեսիլքի արդիւնք է այս երեկոն: Մենք եկանք եւ վայելեցինք, բայց այս վայելքը երկար տարիներու աշխատանք եւ զոհողութիւն կը բարացուցէ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ, թէ այսօր անոնք նոր փուլ մը կը նուաճեն, եւ իրենց դիմաց կը բացուի արուեստի անվերջանալի աշխարհը: «Դուք ձեր սիրով, աշխատանքով եւ նուիրումով նոր հորիզոններու պիտի բացուիք եւ նոր փուլեր պիտի նուաճէք: Այսօրուան վկայականները ձեզի համար թող լիազօրագիրեր դառնան, որպէսզի աւելի բարձր վկայականներու արժանանաք եւ այդ փառքը փոխանցէք նաեւ ձեր ժողովուրդին», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը:

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Շարժումին Մերօրեայ Խորհուրդը

Յաջորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Ընդունեց «ՍԻՄԷՍ»-ի Յաղթական Աշակերտները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?