ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 11 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ հոկտեմբեր 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 310 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 3 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 8 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին (3-րդ երեխայ եւ աւելի) դիմում չէ կատարուած:
Այս ձեւով անցնող 19 ամիսներուն` մայիս 2017-էն նոյեմբեր 2018, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 321 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ



