Շաբաթ յետմիջօրէին, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի դասախօս փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան: Հիւրին կ՛ընկերակցէր Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու, «Կամար» ամսաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան: Փրոֆ. Գրիգորեան Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով` դասախօսելու համար հայագիտական դասընթացքի ուսանողներուն:
Աշոտ Գրիգորեան Հայաստանի ճարտարագիտական ակադեմիայի անդամ է եւ Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար:
Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումին խորհրդակցութեան նիւթերն էին Հայաստանի մէջ քաղաքաշինութեան, եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու վերականգնման, ինչպէս նաեւ հայկական աշխարհի ճարտարապետական մարդուժը համախմբելու կարելիութիւնները:
Փրոֆ. Գրիգորեան այս եւ առնչուած այլ նիւթերու մասին պիտի դասախօսէ այսօր երեկոյեան «Ազդակ»-ի կազմակերպած լսարանին:



