Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սփիւռքի Վերակազմակերպումը  Հրամայական Է. Այս Գործընթացը Կը Սկսի Կիլիկեան  Թեմերու Վերակազմակերպումով

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է. Այս Գործընթացը Կը Սկսի Կիլիկեան Թեմերու Վերակազմակերպումով

Արամ Ա. կաթողիկոս վերջին Ազգային ընդհանուր ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը: Անդրադառնալով Հայաստան-սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ սփիւռքը կը մաշի, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ո՛չ ալ սփիւռքը մաշի: Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն է», կոչ ուղղելով սփիւռքին սկսելու...

Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան  Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան Այցելեց «Ազդակ»

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան եկած` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Դոկտ. Տէր Կիւրեղեան զեկուցեց համալսարանի վերջին շրջանի գործունէութեան, ուսանողութեան թիւի աճի, նոր մասնաշէնքի կառուցման եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն նոր ուսանողներ հաւաքագրելու ծրագիրներուն ու յատկացուող կրթաթոշակի դրութիւններուն մասին: Յատկապէս վերջին նիւթին առնչութեամբ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան «Ազդակ»-ին տուաւ հարցազրոյց մը, որ մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը...

Երախտիքի Երեկոյ` Նուիրուած  Օշին Ա. Քհնյ. Գէորգեանին, Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանին,  Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանին  Եւ Յարութիւն Ա. Քհնյ. Կոստանեանին

Երախտիքի Երեկոյ` Նուիրուած Օշին Ա. Քհնյ. Գէորգեանին, Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանին, Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանին Եւ Յարութիւն Ա. Քհնյ. Կոստանեանին

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` ուրբաթ, 23 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երախտիքի երեկոյ` նուիրուած չորս քահանայ հայրերու` Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեանի, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի, Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեանի եւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի երիտասարդական յանձնախումբի  անդամ Ֆիլիփ Ժինեան:...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան  Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին.  Միջդպրոցական Զարգացման Մրցում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին. Միջդպրոցական Զարգացման Մրցում

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը դաստիարակիչ նախաձեռնութիւն մը` զարգացման մրցում կազմակերպեց հայկական դպրոցներու վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն համար: Այս մրցումին նպատակը պիտի ծառայէր հայ պատանիին միտքը զարգացնելու եւ նոր գիտելիքներ փոխանցելու հետաքրքրական հարցումներու ճամբով: Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 95-ամեակի շրջագիծին մէջ: Զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք...

«Հայ Երիտասարդութիւնը Ի՞նչ Կ՛ուզէ Ընել  Լիբանանահայութեան Հոգեւոր-Ազգային Կեանքին Մէջ»  Նիւթով Երիտասարդական Հաւաք`  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

«Հայ Երիտասարդութիւնը Ի՞նչ Կ՛ուզէ Ընել Լիբանանահայութեան Հոգեւոր-Ազգային Կեանքին Մէջ» Նիւթով Երիտասարդական Հաւաք` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

Հայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը եւ հոգեւոր-ազգային կեանքի մէջ անոր ընդգրկումը լուսարձակի տակ բերելու նպատակով, երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի  «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ երիտասարդական հաւաք տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին հետ: Հաւաքը սկսաւ Տէրունական, «Իմաստութիւն հօր Յիսուս» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքներու հաւաքական արտասանութեամբ: Նարեկ արք. Ալեէմէզեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ...

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն.  Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի  Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղի, Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ  տեղի ունեցաւ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան: Ան ըսաւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը սիրուած սրտաբան է բոլորին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018-ին կը կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը, որ այս տարի կ’ընթանայ «Փոխե՛նք ներկան` կերտելու ապագան» կարգախօսով: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջին ամիսներուն անցաւ դժուար փուլէ եւ հիմա պատրաստ է նորովի ներկայանալու համահայկական ընտանիքին: Անցնող ամիսներուն հիմնադրամի համաշխարհային կառոյցի հաշուարկները հաշուապահական միջազգային ընկերութիւններու կողմէ ենթարկուեցան մանրակրկիտ քննութիւններու` ստուգելու որեւէ հաւանական չարաշահում: Սակայն մասնագիտական...

«Թէաթրոն» Թատերախումբ.  «Կամուրջէն Դիտուած»  Թատերախաղը Բեմ Բարձրացաւ

«Թէաթրոն» Թատերախումբ. «Կամուրջէն Դիտուած» Թատերախաղը Բեմ Բարձրացաւ

Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2018-ին եւ յաջորդական երկու օրերու վրայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ «Թէաթրոն» թատերախումբին բեմադրուեցաւ Արթըր Միլըրի «Կամուրջէն դիտուած» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Նիւթը կը ներկայացնէր Նիւ Եորքի Պրուքլին կամուրջին մօտ ապրող ընտանիքի մը պատմութիւնը: Ալֆիերի` պատմողի եւ փաստաբանի դերով Յարութ Թորոսեան մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսը իրազեկ կը դարձնէր յաջորդ տեսարանի ընկալման եւ դերակատարներու հոգեվիճակին: Էտիի դերով`...

Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի  Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու  Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Անոնց Յիշատակին

Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Անոնց Յիշատակին

  Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի յիշատակին` հանդիսապետութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայացուցիչ Վիգէն վրդ. Տալգլճեանի: Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ատենապետ Նորայր Նաճարեան այս առիթով...

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին  Արժանի Շուքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Արժանի Շուքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը

Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին յատուկ մեծարանք կը շնորհէ Աստուածամօր: Տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով, հոգեզմայլ ներբողներով, շարականներով ու աղօթքներով կը փառաբանէ անոր անարատ յղութիւնը, սրբութիւնը, խոնարհութիւնը, հնազանդութիւնը եւ իր անարատ մօր սէրն ու գուրգուրանքը իր միածին որդիին հանդէպ: Ըստ եկեղեցական տօնացոյցին, կը նշուին, Աստուածամօր ծնունդի տօնը Յովակիմէն եւ Աննայէն, Անոր ընծայման տօնը, Գաբրիէլ հրեշտակէն Ս. հոգիով յղացման եւ աւետման տօնը,...

«Ազդակ-Գաղափարաբանական»  Յաւելուածի Բովանդակութիւնը

«Ազդակ-Գաղափարաբանական» Յաւելուածի Բովանդակութիւնը

Երկուշաբթի օր լոյս կը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծագոյն տեսաբաններէն Երուանդ Ֆրանգեանի ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 90-ամեակին նուիրուած «Ազդակ-գաղափարաբանական» յաւելուածը: Ստորեւ` յաւելուածին բովանդակութիւնը. - Գաղափարագրութիւնը մամուլ վերադարձնելու մեր փորձը          Շ. Գ. - Ընդդէմ նոր բռնատիրութեան. գաղափարական անապատը կարելի է կանաչ դարձնել  ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ - ՀՅ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը հիմնաւորած փիլիսոփան եւ տեսաբանը` Երուանդ Ֆրանգեանը - 128-ամեայ երթ մը` իրապաշտ փիլիսոփայութեան ուղիով              ...

«Քեզի Համար, Ազնաւո՛ւր» Ձօն-Երեկոն Դարձեալ Ոգեշնչեց Լիբանանի  Արուեստասէր Հասարակութիւնը

«Քեզի Համար, Ազնաւո՛ւր» Ձօն-Երեկոն Դարձեալ Ոգեշնչեց Լիբանանի Արուեստասէր Հասարակութիւնը

Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան կանուխ ժամերէն Լիբանանի տարբեր շրջաններէն, յատկապէս Պէյրութէն, արուեստասէրներ եւ Ազնաւուրասէր լիբանանցիներ ողողեցին Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին ունկնդրելու «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» երաժշտական բարձրորակ յայտագիրը, կատարողութեամբ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի: Այս աննախընթաց ելոյթին իրենց տպաւորիչ մասնակցութիւնը բերին յատկապէս Հայաստանէն ժամանած թենոր Հայկ Պետրոսեան եւ հանրայայտ դաշնակահար Կարէն Անանեան: Նաեւ մասնակցեցան թենոր Էլիա...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց  Քահանայ Հայրերն Ու Երէցկիները

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Քահանայ Հայրերն Ու Երէցկիները

Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի արժանաշնորհ քահանայ հայրերուն եւ առաքինազարդ երէցկիներուն հետ: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, սրբազան հայրը գնահատեց քահանաներուն եւ երէցկիներուն եկեղեցանուէր ծառայութիւնը` զանոնք բնորոշելով որպէս առաքելակից: «Իւրաքանչիւր ծուխ իր պայմաններուն համեմատ առանձնայատկութիւններ ունի. սակայն, բոլորս միասին կը կազմենք Քրիստոսի եկեղեցին, որ...

Ճազային Երեկոյ` Նուիրուած  Հայ Աւետարանական Քոլեճի 95-ամեակին

Ճազային Երեկոյ` Նուիրուած Հայ Աւետարանական Քոլեճի 95-ամեակին

Հայ աւետարանական քոլեճի 95-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 16 նոյեմբերին երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճազ երգահանդէս, կատարողութեամբ Զուիցերիայէն Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլիի, ընկերակցութեամբ Օլիվըր Ֆրիտլիի` դաշնակ, Անտրէ Փուզազի` թաւջութակ եւ Բիուս Պաշնակըլի` հարուածային: Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը բաժնեկցին իրենց ուրախութեան: Ապա ան ներկայացուց նուագախումբի անդամները...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան.  «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» Երաժշտական Բարձրորակ  Յայտագիրը Շարլ Ազնաւուրը Ոգեղէն Ներկայութիւն  Դարձուց Լիբանանի Երաժշտասէր Զանգուածին Մօտ  Եւ Լիբանանը Ազնաւուրացաւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան. «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» Երաժշտական Բարձրորակ Յայտագիրը Շարլ Ազնաւուրը Ոգեղէն Ներկայութիւն Դարձուց Լիբանանի Երաժշտասէր Զանգուածին Մօտ Եւ Լիբանանը Ազնաւուրացաւ

Համաշխարհային արուեստի պատմութեան վերազարթօնքին մէջ հայազգի Շարլ Ազնաւուրի ներդրումն ու արժէքը անուրանալի է: Համեստ ընտանիքի մէջ հասակ առած Ազնաւուր, այսօր իր վաստակով համաշխարհային ճանաչում ունի: Սերունդնե՜ր իր երգերով սէր երգած են, իրենց հոգիներուն անդորրութիւն գտած եւ վերջապէս կեանքը սիրած են իր երգերու բառերուն ընդմէջէն ճանչնալով կեանքին արժէքը: Ազնաւուր իր արուեստը նեղ սահմաններու մէջ չէ սահմանափակած, այլ մեծ բաժին յատկացուցած է...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը

Հինգշաբթի, 15 նոյեմբեր 2018-ին, վեհափառ հայրապետը ընդունեց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ Նիւ Եորքէն յատուկ եկած էր Խրիմեան Հայրիկի մասին իր պատրաստած մենակատարութիւնը ներկայացնելու լիբանանահայութեան: Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան աւելի քան 50 տարիներու հարուստ վաստակ ունի իբրեւ գրականագէտ, թատերագիր, բանախօս եւ թարգմանիչ: Ան հեղինակ է բազմաթիւ հայերէն եւ անգլերէն հատորներու: Վեհափառ հայրապետը մօտէն ծանօթ է դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին Նիւ Եորք իր ուսանողական...

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Այցելեց «Ազդակ»

«Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը կատարելու համար Համազգայինի հրաւէրով Լիբանան եկած դոկտ. Հրանդ Մարգարեան երէկ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Մարգարեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի աշխատանքները, յատկապէս հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կեանքի լուսաբանման առումով: Դոկտ. Մարգարեան «Ազդակ»-ի տնօրէնին նուիրեց 1915-1922 հայ նահատակ գրողներու կեանքն ու ստեղծագործութիւնը բովանդակող իր հեղինակած հատորը:  

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն. Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանի Հայոց Թեմի Քարոզիչ Նշանակեց Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի խնդրանքին, Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ նշանակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը: Հայր սուրբը իր գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ազգային առաջնորդարանի ամէնօրեայ ծառայական կեանքին` յատկապէս քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ երիտասարդական յանձնախումբի բնագաւառներուն մէջ: ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Համագործակցութեան Յուշագիր` Արցախի  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ

Համագործակցութեան Յուշագիր` Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ

Նոյեմբեր 14-ին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր: Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յուշագիրը ստորագրած է արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, իսկ Հայկազեան համալսարանին` համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Յուշագիրով կողմերը պայմանաւորուած են, մասնաւորապէս, անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկել` ապահովելու Հայկազեան համալսարանին մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներու վերապատրաստումը` նպաստելու Արցախի դիւանագէտներու մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման:  

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Իր Մենաներկայացումին  Ընդմէջէն Հանդիսատեսները Հաղորդակից  Դարձուց Խրիմեան Հայրիկի Պատգամներուն

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Իր Մենաներկայացումին Ընդմէջէն Հանդիսատեսները Հաղորդակից Դարձուց Խրիմեան Հայրիկի Պատգամներուն

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երէկ` չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը` հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ գիտնական, թատերագիր, բանաստեղծ, թարգմանիչ, թատերագէտ, գրաքննադատ, բեմադրիչ, դերասան, խմբագիր, հասարակական գործիչ, դաստիարակ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Հուրի Զաքարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն մենաթատրոնը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն...

Page 212 of 365 1 … 211 212 213 … 365

Արխիւներ