Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Արքեպիսկոպոս` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 30, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ գաղութի կառոյցներու ծանօթացման այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2018-ին,  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Հայկազեան համալսարան, ուր դիմաւորուեցաւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ համալսարանի անձնակազմին կողմէ:

Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ վեր. Հայտոսթեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայեցի դաստիարակութեան վիճակն ու հայկական վարժարաններու ներկայ կացութիւնը եւ Հայկազեան համալսարանի ներդրումը հայեցի դաստիարակութեան ու կրթական աշխատանքներու բարելաւման բնագաւառներուն մէջ:

Ապա, առաջնորդ սրբազան հայրը համալսարանի նախագահին ընկերակցութեամբ շրջագայեցաւ համալսարանին մէջ` ծանօթանալով զանազան բաժանմունքներուն, անձնակազմին եւ ուսանողութեան:

Շրջագայութենէն ետք, Նարեկ արքեպիսկոպոս խումբ մը ուսանողներու դասախօսեց «Հայ ինքնութեան ըմբռնողութիւնը Լիբանանի հայոց թեմին դիտանկիւնէն» նիւթը:

Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Ազգային առաջնորդարանը Լիբանանի հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր-ազգային կեդրոնն է, որ կը կառավարուի ժողովրդավարական հիմունքներով` հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ: Նարեկ արքեպիսկոպոս հաստատեց, որ եկեղեցին ժողովուրդէն եւ ժողովուրդը եկեղեցիէն փոխադարձ ակնկալութիւններ ունին` պարտականութիւններու, պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու վրայ խարսխուած:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ պէտք է մտիկ ընել երիտասարդութեան մտահոգութիւնները, առաջարկները եւ սպասումները` անոնց տալով պատասխաններ եւ միասնաբար գործելով, որպէսզի եկեղեցի-երիտասարդութիւն կապը ամրապնդուի: Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Ազգային առաջնորդարանը հայութեան բաբախող սիրտն է եւ պատասխանատուութիւնը ունի մեր բոլոր կառոյցներուն արեան հեզասահ շրջանառութիւնը երաշխաւորելու, որպէսզի մեր բոլոր մարզերը յաջող եւ արդիւնաւոր ըլլան»: Դասախօսութեան ընթացքին Նարեկ արքեպիսկոպոս ուսանողներուն ներկայացուց առաջնորդարանի կազմակերպական կառոյցը, աշխատանքային բաժանմունքները եւ բազմաբնոյթ ծրագիրները:

Դասախօսութենէն ետք, ուսանողները իրենց հարցումներուն ընդմէջէն ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ եւ տեղեկութիւններ:

 

 

Նախորդը

Որակաւոր Աշխատատեղերի Ռազմավարական Գործօնը

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Անգամ Մը Եւս Վերակենդանացուց Հայկական Արուեստի Գոհարները

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.