Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով

February 11, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին առցանց նիստը կայացաւ Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026-ին, Պէյրութի ժամով 19:00-ին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։

Հայրապետը նախ պարզեց Հիմնադրամի ժողովական կեանքի առկախման պատճառները՝ կապուած Լիբանանի տնտեսական եւ յատկապէս դրամատնային կացութեան հետ։ Այնուհետեւ վերահաստատուեցաւ յանձնախումբի կազմը.- Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Յանձնախումբին քարտուղարութեան պաշտօնը պիտի կատարէ Ահարոն Շխրտըմեան։

Ժողովը գնահատանքով հաստատեց, որ հակառակ ներկայացուած պատճառներով եղած առկախումին, Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ին կողմէ լոյս տեսած է չորս գիրք.- ա) Օսքար Լոփէզ Կոլտարասենայի «Հայկական Մշակութային Ցեղասպանութիւն» (Armenian Cultural Genocide) (թիւ 17), բ) «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութիւնը» (թիւ 18) գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն, գ) դոկտ. Հուտա Ֆահըսի «Հայերու Եւ Թուրքերու Միջեւ Ինքնութեան Հակամարտութիւնը 1895-1915» (صـراع الهويّة بين الأرمن والأتراك (١٨٩٥-١٩١٨)) (թիւ 19) եւ դ) Թաուասիլ Ալ-Մուքպըլի «Բրիտանիոյ Քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Գծով» (سياسة بريطانيا تجاه الإبادة الأرمنية) (թիւ 20)։

Ժողովը արձանագրեց, թէ ուշագրաւ են յանձնախումբին եկած դիմումները Սէուտական Արաբիայէն եւ Լիբանանէն արաբ գիտաշխատողներու եւ դոկտորականի թեկնածուներու, որոնց գիտաշխատութիւնները կը վերաբերէին հայկական հարցերուն։

Ժողովը նաեւ քննեց յանձնախումբին տրամադրութեան տակ գտնուող ուսումնասիրութիւնները հրատարակելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ որոշեց ժամկէտ՝ 2026 Մայիսի աւարտը, որպէսզի հրատարակութեան դիմումներ ներկայացուին յանձնախումբին։

Գիտական աշխատասիրութիւններ յանձնախումբին ներկայացնելու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէներուն.-

chancellor@armenianorthodoxchurch.org

info@armenianorthodoxchurch.org

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Անհետ Կորած Իրեր Քուրսի

RelatedPosts

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

February 14, 2026
Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում
Գաղութային

Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

February 14, 2026
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.