Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

February 17, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն:

Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Յովսէփ եւ Մարիամ քառասնօրեայ մանուկը բերին տաճար` Աստուծոյ ընծայելու, եւ թէ ինչպէ՛ս հոն կը գտնուէր Սիմէոն անունով ծերունի կրօնաւոր մը, որ Սուրբ Հոգիէն խոստում ստացած էր չմեռնիլ, մինչեւ իր աչքերով չտեսնէ մարդկութեան Փրկիչը, եւ տաճար այցելող բազմաթիւ ուխտաւորներու մէջէն միայն ինք նշմարեց Յիսուս մանուկը եւ ընդառաջ երթալով` գրկեց զայն, փառք տուաւ Աստուծոյ եւ աղօթեց, որ խաղաղութեամբ հեռանայ աշխարհէն, որովհետեւ իր աչքերով տեսաւ եւ գրկեց Փրկիչը:

Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Տեառնընդառաջը մեր Տիրոջ տաճար ընծայման յիշատակով հաստատուած տօնախմբութեան առիթ մըն է մեր եկեղեցական կեանքէն ներս, որպէսզի մենք ալ Մեծ պահքի նախօրեակին դէպի աշխարհ դառնալու եւ իր դէպի աշխարհ ղրկած լոյսը տեսնելու առիթը ստեղծենք մեր առօրեայէն ներս:

Շարունակելով իր խօսքը` Շահէ արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ մեզ կանխող սերունդները նոյնիսկ նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ իրենց կեանքէն ներս լոյս փնտռած են մասնաւորապէս տագնապալի այն պահերուն, երբ խաւարը պատած էր աշխարհը, աւելցնելով սակայն, որ Տիրոջ ընդառաջ երթալու անհրաժեշտութիւնն է, որ այս առիթով մեր Եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ: Այս առիթը կը տրուի Մեծ պահոց նախօրեակին, որովհետեւ Մեծ պահքը աղօթքի, հոգեւոր խորհրդածութեան, ժուժկալութեան հրաւիրող թելադրութիւններ կը կատարէ մեզի, եւ այդ բոլորը արժէք ունին, եթէ իսկապէս մենք հոգեւոր մեր կեանքին համար լոյս փնտռելու եւ լոյս գտնելու հոգեւոր տենչով կ՛ուղեւորուինք, այլապէս անիմաստ է պահեցողութիւնը:

Սրբազանը ըսաւ, որ Տեառնընդառաջի առիթը մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդ արարած Աստուծոյ զաւակն էր, բայց երկրաւոր կեանքի մեր պայմաններուն մէջ մարդը կորսնցուց իր որդիութեան շնորհքը եւ դարձաւ մահկանացու, սակայն Աստուած գթալով մարդուն, իբրեւ լոյս` աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, որպէսզի մարդու ճամբան լուսաւորելով` զայն կրկին Աստուծոյ շնորհքին դարձնէ:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը կոչ ուղղեց` Սիմէոն ծերունիին հաւատքի օրինակով խրախուսուելու եւ Աստուծմէ լոյս աղերսելու, որպէսզի մեր կեանքի ծանր պայմանները լուսաւորուին:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը:

 

Նախորդը

Մենք Մեր 135 Տարուայ Տէրն Ենք, Դուք Ձեր 8 Տարուայ Համար Պատասխան Տուէք

Յաջորդը

Ազգային Վարժարաններու Նախակրթարանի Եւ Միջնակարգի Աշակերտներու Վարդանանց Տօնակատարութիւնը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.