Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօներուն Առիթով

February 19, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առիթով:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ նուիրական զոյգ առիթները` Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօները, Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս սովորաբար միասնաբար կը նշուին, որովհետեւ հոգեւորական եւ աշխարհական միացեալ ճակատ կազմած մեր ժողովուրդը 451 թուականին հարկադրաբար մարտի դաշտին մէջ կուրծք տուաւ Հայաստանը ասպատակող պարսից բանակին եւ այնտեղ  արեամբ իր ապրելու իրաւունքը շահեցաւ:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր ունեցածը պատմական աննշան տեղեկութիւն մըն է տեղի ունեցած ճակատամարտի մասին` աւելցնելով, որ մահու կենաց փորձութիւններ ապրած մեր ժողովուրդը հաւատքի եւ հայրենիքի  պայքարի դէմ դրած  իր կեանքը շարունակեց իր երթը տեսակաւոր փոթորիկներով լեցուն, սակայն` միշտ գիտակցելով, որ մահ իմացեալ անմահութիւն է: Անգիտակից պայմաններու մէջ մեռնիլ` կը նշանակէ մոռացութեան տրուիլ, մինչդեռ գիտակից պայմաններով մահուան դէմ կուրծք տալով պատերազմի մէջ իյնալ` կը նշանակէ արժանանալ արքայութեան պսակին եւ ապրիլ աւելի փառաւոր կեանքով սերունդներու յիշողութեան մէջ: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ այս առիթը կը նշենք նաեւ, որպէսզի մեր ժողովուրդին եւ հոգեւորականներուն յայտնենք, թէ տեսակաւոր տագնապներու բովէն անցնող մեր ներկայ պայմաններուն մէջ կարիքը ունինք  նուիրեալներու, որոնք այսօրուան նուիրումով, աշխատանքով, հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ յարատեւութիւն կրնան պարգեւել մեր հաւաքականութեան կեանքին, նաեւ` նոր պայծառութիւն բերել մեր Եկեղեցւոյ:

«Այս մտածումներով մենք կը դիմաւորենք մեր Եկեղեցւոյ սուրբերն ու մեծերը, որոնք թէեւ պատմութեան մէջէն անցած են, սակայն կ՛ապրին մեր յիշողութեան մէջ, նաեւ կեանք կը պարգեւեն մեզի` գալիք բոլոր ժամանակներուն համար»,  եզրափակեց սրբազան հայրը:

Նախորդը

Եթէ Քաղաքացին Կթան Կով Կը Նկատէք…

Յաջորդը

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.