ՀՅԴ Բիրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Ռամատան ամսուան եւ Մեծ պահքի ծոմապահութեան զուգադիպութեան առիթով դիմատետրեան իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Ռամատանի եւ Մեծ պահքի զուգադիպութիւնը մեր հայրենիքին մէջ համակեցութեան ամէնէն գեղեցիկ պատկերն է:
«Իր արժէքով մէկ եւ աւանդութիւններով բազմազան պահեցողութիւնը մեզ կը միախմբէ սիրոյ, ողորմութեան եւ զօրակցութեան մէջ»:


