Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

February 19, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 12 փետրուարին Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, սուրբ եւ անմահ պատարագով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ պատմական ակնարկով մը յիշեց, թէ 5-րդ դարուն Հայաստանը կրօնափոխ ընելու ու ամբողջութեամբ նուաճելու որոշումով Սասանեան Պարսկաստանը վերջնագիր ներկայացուց հայ ժողովուրդին, դիտել տալով, որ ճգնաժամային այդ պայմաններուն մէջ, հայութիւնը, իր իշխանաւորներով ու հոգեւորականներով ուխտեց անխախտ պահել իր քրիստոնէական կրօնը եւ կեանքի գնով նաեւ պաշտպանել հայրենի երկիրը: Ան ըսաւ, որ 451 թուականի գարնան Աւարայրի դաշտին մէջ հայոց փոքրաթիւ ուժերը քաջաբար դիմաւորեցին պարսկական հսկայ բանակը եւ ահեղ պատերազմի ընթացքին նահատակուեցաւ ուխտապահ հայոց բանակի հրամանատար Վարդան Մամիկոնեանն ու անոր հետ մարտի դաշտին վրայ քաջաբար ինկան նաեւ 1036 զօրականներ: Այսպիսով, թէեւ ժամանակաւորապէս նուաճուեցաւ Հայաստանը, սակայն հայ ժողովուրդը շարունակեց «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» իր պայքարը եւ 482-ին, վրէժը լուծելով Աւարայրի կորուստներուն,   դարձեալ տիրացաւ ազատութեան եւ քրիստոնէական պաշտամունքի իրաւունքին:

«Այսօր Աւարայրի հերոսամարտի պատմութիւնը յիշելով` այդ հաւատքը դարձեալ կը հռչակենք մեր եկեղեցիներուն մէջ ու ամէն տեղ», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Վարդանանց հերոսամարտէն դարեր ետք իր ապրումներով եւ իտէալներով մեր ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ ուխտապահ իր կրօնին ու ինքնութեան հանդէպ եւ իր կեանքին համար կը շարունակէ ներշնչում քաղել իր պատմութենէն` իմացեալ մահով իրենց փառքը կերտած մեր անմահ հերոսներու անմահ օրինակէն:

Առաջնորդը յայտնեց, որ ճգնաժամը միայն 5-րդ դարուն չէր, այլ այսօր ալ ազգովին ծանր փորձութիւններու բովէն կ՛անցնինք, եւ նահանջի ու պարտութեան տեսարաններ սկսած են ուրուագծուիլ մեր ազգի կեանքէն ներս: Անկասկած սփիւռք ըլլալու մեր վիճակը պատճառ կը հանդիսանայ, որ օտարութեան պայմաններուն մէջ վտանգուին մեր բարքերը, եւ աղօտի մեր ժողովուրդին յիշողութիւնը:

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ կարիքը ունինք մարդոց, որոնց մէջ կ՛ապրի Վարդանանց անմահ ոգին, կարիքը ունինք նուիրեալներու, որոնք նուիրում պահանջող պարտականութիւններ կրնան ստանձնել մեր Եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս եւ իրենց հաւատքով ու գործերով Աստուծոյ կամքը կրնան պարզել մեր ժողովուրդին, նաեւ կարիքը ունինք կտրիճներու, որոնց հոգիին մէջ հայրենասիրական կրակ կայ, որոնց սիրտը կը տրոփէ ազգին համար, որոնց հոգիին մէջ կը ճառագայթէ յաւիտենական հայրենիքին անջինջ պատկերը:

«Այսօր ազգովին կ՛անցնինք ծանր փորձութեանց մէջէն: Արցախի անփառունակ կորուստէն ետք, այսօր ոչ միայն վտանգուած է  Հայաստանի անկախութիւնը, ոչ միայն խախտած է Հայաստան-սփիւռք միասնութիւնը, այլեւ կասկածի առարկայ դարձած են` մեր ազգային անմահ արժէքները, մեր Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, մեր պատմութիւնն ու ազգային խորհրդանիշները, մեր հայրենասիրութիւնն ու հաւաքական լինելիութեան գիտակցութիւնը», հաստատեց Շահէ արք. Փանոսեան` հարց տալով, թէ կրնա՞նք Վարդանանց օրինակով վեր բարձրանալ ու նոր շունչ տալ մեր ժողովուրդի հաւատքին ու ապրելու անշեղ ուխտին, կրնա՞նք դարձեալ հին օրերու նուիրումի խանդով եւ նոր ծառայութիւններով ու զոհողութիւններով նոր թափ տալ վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց մեր ազգային գոյամարտին: Սրբազանը ըսաւ, որ Վարդանանք այսօր մեզի կը թելադրեն հաւատքով նայիլ մեր սուրբերուն ու հերոսներուն, վստահ ըլլալով, որ անոնք մեր կեանքը պաշտպանելու եւ վաղուան հայը պատրաստելու գործին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունին կատարելիք, նաեւ` սիրել մեր սուրբերն ու նահատակները եւ զանոնք ծանօթացնել մեր զաւակներուն եւ այդպիսով յարգելի պահել բոլոր այն սրբութիւններն ու առաքինութիւնները, որոնց պաշտպանութեան համար մեր նախնիք նոյնիսկ նահատակուեցան, եւ` յարգել մեր ազգի նուիրեալներուն ուխտապահ կեանքի օրինակը եւ ապրիլ ու մարտնչիլ այդ ոգիով:

Հայոց պատմութիւնն ու Վարդանանց պատերազմը միայն անցեալ չեն, այլեւ` մեր ներկան ու ապագան: Հետեւաբար այսօր այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ համախումբ մեր ներկայութիւնը թող որ իւրաքանչիւրիս համար առիթ հանդիսանայ խորհելու, թէ ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հաւատքովն ու հայրենիքի սիրով իրարու միանալ եւ բարոյական կեցուածքով զիրար պաշտպանել ու մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգի կեանքէն ներս մեզի վերաբերող պարտականութիւնները պատասխանատուութեամբ տանելով` մնալ կանգուն ու յաղթական», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօներուն Առիթով

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Կը Կարծէ, Թէ «Ռետ Պուլ» Դանդաղ Է

RelatedPosts

«Գորգարուեստի Մշակոյթը» Բնաբանով Դասախօսութիւն
Գաղութային

«Գորգարուեստի Մշակոյթը» Բնաբանով Դասախօսութիւն

February 20, 2026
Ռամատանի Եւ Մեծ Պահքի Ծոմապահութեան  Զուգադիպութեան Առիթով Բագրատունիի Գրառումը
Գաղութային

Ռամատանի Եւ Մեծ Պահքի Ծոմապահութեան Զուգադիպութեան Առիթով Բագրատունիի Գրառումը

February 19, 2026
Նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօներուն Առիթով
Գաղութային

Նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօներուն Առիթով

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.