ՀՅԴ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Ազգային իշխանութիւններու մէջ երկարամեայ գործունէութիւն ծաւալած, նաեւ «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ»-ի ճամբով Հայաստանին ու Արցախին օժանդակութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի քառասունքին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ առաջնորդարանի սրահին մէջ:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեան ցաւակցութիւն յայտնեց Մասիս Ալեքսանդրեանի պարագաներուն եւ դիտել տուաւ, որ մեր ազգային կեանքին մէջ մեծապէս պիտի զգացուի անոր բացակայութիւնը` անոր առյաւէտ բաժանումով:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ ըսաւ, թէ Մ. Ալեքսանդրեանի մահով լիբանանահայ գաղութը եւ յատկապէս Դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը կորսնցուցին` լաւ մարդ մը, տիպար հայ մը եւ գաղափարական հաւատաւոր ընկեր մը:
«Մեր գիտակցութեան մէջ անջնջելի կերպով տիրապետող առաջին տպաւորութիւնը անոր կեցուածքն է` լուռ, բայց խօսուն: Ան հանդարտաբարոյ, յարգալիր եւ ազնիւ անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր վարուելակերպով ու արտաքին տեսքով կը մարմնաւորէր ազնուականութիւնը: Սակայն ամէնէն աւելի մեզ տպաւորողը անոր գործն էր եւ այդ գործին ընդմէջէն դրսեւորուած մարդկային նկարագիրը` իմաստութիւնը, փայլուն միտքը, մասնագիտական մօտեցումը եւ բոլորին հետ հաղորդակցելու կարողութիւնը: Ան իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն հանդէպ ցուցաբերեց խորաթափանց, արհեստավարժ եւ բարձր պատասխանատուութեան զգացումով մօտեցում եւ բնականաբար վայելեց իր գործընկերներուն ու շրջապատին անկեղծ յարգանքը», ըսաւ ան:
Ապա Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մասիս Ալեքսանդրեանին կենսագրական տուեալները, կազմաւորման ու գործունէութեան ուղին` ընտանեկան բոյնէն Դաշնակցութեան հնոց, երիտասարդական միաւորներէն մինչեւ շարքեր, տարբեր մարմիններ եւ յանձնախումբեր, մշակութային եւ մարզական միութիւններ, ազգային-հասարակական կառոյցներ:
Բայց եւ այնպէս, ան շեշտեց, որ Մասիս Ալեքսանդրեանին անունը ամէնէն աւելի ու ամրօրէն կապուեցաւ «Արցախի օժանդակութեան մարմին»-ին, «Արցախի վերաշինութեան ու վերաբնակեցման մարմին-Արցախ ֆոնտ»-ին, ապա` ԱՌԻ բաժնետիրական ընկերութեան, որոնց ճամբով ալ իր գործընկերներուն հետ նպաստեց Արցախի բարգաւաճման, վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման, նաեւ` արցախահայութեան, որովհետեւ կը հաւատար, որ արցախցին պէտք է ապրի իր հայրենի հողին վրայ:
«Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն ան լծուեցաւ արցախահայութեան օժանդակութեան գործին, ուր իր անձնական յաջողութիւնը վերածեց հաւաքական ձեռքբերման: Ան եղաւ ժամանակակից արժէքներու կրողը` միախառնելով գիտելիքը, աշխատանքը, նախաձեռնող ոգին եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը», շեշտեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան: Աւարտին ան կոչ ուղղեց` կառչելու Մասիս Ալեքսանդրեանի համոզումներուն եւ պայքարի ուղիին` հաւատալով, որ պէտք է կերտել նոր արշալոյս ոչ միայն մեր հոգիներուն, այլ նաեւ` մեր հայրենիքին համար:
Ապա խօսք առաւ Վահան Գասարճեան, որ վկայեց, թէ Արցախը, զոր Մասիս Ալեքսանդրեանը տեղադրեց մեր սրտերուն մէջ, կը շարունակէ ապրիլ հոն, որովհետեւ Արցախի նկատմամբ անոր ունեցած սէրը անխախտելի էր ու յաւիտենական: «Այդ սէրն էր, որ արժեւորեց իր արարքները, իր արժէքները եւ ազդեց շուրջիններուն վրայ»:
«ԱՌԻ-ի հաստատ հիմնադիր սիւն` ան ոչ միայն սիրելի ընկեր եւ յարգուած գործընկեր էր, այլ շատերու համար` հաստատուն եւ հայրական ներկայութիւն: Փափուկ, մեղմ խօսող, բայց` յամառ: Ազնուական եւ բարի, սակայն վճռական, այնպիսին, որ կարող էր համոզել մինչեւ իսկ ամէնէն բարդ բնաւորութիւն ունեցող մարդիկ` միշտ իր օրինակով, առանց պարտադրանքի», ըսաւ ան:
Վ. Գասարճեան ըսաւ, որ իր աշխատանքով եւ վերաբերումով մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանը մեզ համոզեց, որ քսան տարեկան է տակաւին` նուիրեալ ու աշխատասէր: Ան դիտել տուաւ, որ Մ. Ալեքսանդրեան այն մարդն էր, որ ծառայեց առանց փառքի ակնկալութեան, այլ` հաւաքական նպատակներու իրականացման եւ մեծ գաղափարի օգտին: «Այսօր մենք կը յիշենք ընկեր մը, եղբայր մը եւ իսկական հերոս մը: Իր ուղին, սկզբունքներն ու ոգին շարունակ կ՛ապրին մեր մէջ», եզրափակեց Վահան Գասարճեան:
Անկէ ետք իր վկայութիւնը տուաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ դիտել տուաւ, թէ պատանեկան տարիքէն արդէն իսկ տպաւորուած էր Մասիս Ալեքսանդրեանի միտքերով ու գաղափարներով, իսկ աւելի ուշ առիթը ունեցած է անոր ծանօթանալու, երբ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը Լիբանան հրաւիրուեցաւ, եւ Մասիս Ալեքսանդրեան մնայուն ընկերակից եղաւ անոնց, նաեւ` գործելու անոր հետ «Արցախ ֆոնտ»-ի մէջ: Քէշիշեան նկատել տուաւ, որ համագործակցութեան ընդմէջէն ան առիթ ունեցաւ թափանցել Մ. Ալեքսանդրեանի էութեան մէջ, ծանօթացաւ անոր անբասիր նկարագիրին, մարդկային ազնուական կերպարին` հաստատելով, որ անոր ներկայութիւնը ինքնին ապահովութիւն կու տար եւ կը ներշնչէր իր շուրջինները, զանոնք կը մղէր աշխատանքի, ոգի կը փոխանցէր եւ յոյս կը սփռէր:
«Համեստութեան մարմնացումն էր նաեւ Մասիս Ալեքսանդրեան, միշտ լուսարձակներէ հեռու ապրեցաւ ու գործեց: Կը յիշեմ, երբ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Լիբանան պիտի այցելէր եւ կ՛ուզէր պարգեւատրել քանի մը անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած էին Արցախին ու արցախահայութեան, ընկեր Մասիս եւս նկատի առնուած էր: Սակայն ան մերժեց, նախագահը փորձեց իմ ճամբովս համոզել զինք, սակայն կրկին մերժեց, որքան ալ փորձեցինք ըսել, որ իր անձին ընդմէջէն «Արցախ ֆոնտ»-ն է, լիբանանահայութիւնն է, որ պիտի պատուըուի, երիտասարդութիւնը պիտի ներշնչուի, ան մնաց անդրդուելի», ըսաւ Զ. Քէշիշեան: Ան նշեց, որ հերոսը միայն այն չէ, որ կը զոհուի ռազմաճակատին վրայ, այլ նաեւ` այն, որ երբ պարտականութեան կոչուի, իր գիտակցական կեանքն ամբողջ, իսկ եթէ հարկ ըլլայ կեանքին գնով կը նուիրուի իր ազգին, հաւաքականութեան բարօրութեան, պայքարին եւ գերագոյն արժէքներուն: «Ինծի համար հերոսի կերպար մըն է Մասիս Ալեքսանդրեանը, օրինակելի մարդ մը, որուն կատարած աշխատանքը` աւելի քան երեսուն տարուան, երբեք կանգ չառաւ, ան մնաց հետեւողական ու հաւատաւոր, երբեք չթուլցաւ, չտատամսեցաւ, չյոգնեցաւ, չյուսահատեցաւ, կառչեցաւ իր առաքելութեան ու իր շրջապատը ներշնչեց այս առաքելութեան մասնակից դառնալու: Մնաց անփոփոխ ու անփոխարինելի անդամը «Արցախ ֆոնտ»-ին: Այսօր չկայ Արցախը, տեղահանուած է արցախահայութիւնը, եւ մենք, աւելի քան երբեք, կարիք ունինք Մասիս Ալեքսանդրեանի խորհուրդներուն: Չեմ հաւատար, որ ընկրկած էր, մտածած, որ աւելի քան 30 տարուան աշխատանքը ի զուր անցած էր, այլ պիտի կանգէր խրոխտ, պիտի քաջալերէր մեզ, պիտի մղէր պայքարի, որպէսզի չյուսահատինք, այլ առաւել մեծ ոգիով շարունակենք այն նուիրական գործը, զոր ինք ու իր նմանները սկսած են, եւ պէտք է շարունակուի», եզրափակեց Զաքար Քէշիշեան:


