Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Կազմուեցաւ  Կօշկակարներու Արհեստակցական Սենտիքա

Լիբանանի Մէջ Կազմուեցաւ Կօշկակարներու Արհեստակցական Սենտիքա

Պուրճ Համուտէն ու անոր շրջապատէն կօշկակարներ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ 17 յուլիս 2018-ին կազմակերպած էին հանդիպում մը, որուն հրաւիրուած էր Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան դիւանի անդամ Նազարէթ Սապունճեան: Հանդիպումին ընթացքին Նազարէթ Սապունճեան բացատրութիւն տուաւ աշխատանքի նախարարութեան որդեգրած ծրագիրին մասին` կազմակերպելու համար Լիբանանի մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն աշխատանքի կարելիութիւնը` սահմանափակելով օտար աշխատաւորներու աշխատանքի ապօրինի ընթացքը: Ներկայ կառավարութիւնը մեծ ճիգ կը...

«Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր»  Ժապաւէնի Նախագիծի Ցուցադրութիւն

«Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» Ժապաւէնի Նախագիծի Ցուցադրութիւն

Երէկ` 17 յուլիսին, «Մեթրոփոլիս Ամփիր Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահին մէջ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուեցան Խաչատուրեան ընտանիքին նախաձեռնած եւ Աշոտ Առաքելեանի բեմադրած «Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» եռամաս ժապաւէնին նախագծային հատուածները (մուտ ռիլ)` լիբանանահայ հիւրերու ներկայութեան: Հայկական երաժշտութեան եւ մշակոյթի տարածման առումով մեծ աշխատանք տանելէ ետք, Խաչատուրեանները այս անգամ ձեռնամուխ եղած են շարժապատկերի ճամբով հայկական արժէքները հանրութեան ներկայացնելու` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան երեք հարիւր տարուան...

Այսօր Պիտի Ցուցադրուի «Կիլիկիա` Առիւծներու  Երկիրը» Ժապաւէնէն Նախագծային Հատուածներ

Այսօր Պիտի Ցուցադրուի «Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիրը» Ժապաւէնէն Նախագծային Հատուածներ

https://cilicia.am/ Այսօր` չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2019-ին, Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա` Առիւծներու երկիրը» ժապաւէնէն նախագծային հատուածներու ցուցադրութիւնը: Բարձր որակեալ այս ժապաւէնի նախագծային հատուածները ցոյց կու տան հայոց պատմութեան մեծագոյն էջերէն մէկը, Փոքր Ասիոյ մէջ հիմնուած Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը` իր երեք դարերու գոյութեան ընթացքին (1080-1375), երբ հայերը դիմադրեցին ամէն տեսակ թշնամիներու, պայքարեցան ազատութեան համար, ստեղծեցին իշխանութիւն, ապա` հզօր թագաւորութիւն: Ժապաւէնը պիտի...

Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Պատանեկան  Ճամբարի Երկրորդ Շաբաթը Սկսաւ

Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարի Երկրորդ Շաբաթը Սկսաւ

15 յուլիսին Ստեփանակերտի Աշոտ Բեկորի անուան թիւ 2 դպրոցին մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները մեկնարկած են ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի երկրորդ շաբաթը: Պատանիները օրը սկսած են Արցախի քայլերգով: Մարզական խաղերուն յաջորդած են դասընթացքներ: ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդականի պատասխանատուներէն, ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Մայքըլ Գոլոգոսեան նշած է, որ ճամբարին կը մասնակցին 240 պատանիներ, որոնք կը սորվին ազգային երգ ու...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  Դեսպանը`  Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Անթիլիասի մայրավանքին մէջ քանի մը օրեր առաջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին յիշեալ համագումարին եզակի կարեւորութիւնը` թէ՛ իր ունեցած համահայկական տարողութեամբ եւ թէ՛ հարցերու անկեղծ եւ իրապաշտ քննարկումով:...

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան   Նախարարին .  Հայկական Շունչով Ու Դրոշմով  Իւրայատուկ Երեկոյ Տհուր Շուէյրի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարարին . Հայկական Շունչով Ու Դրոշմով Իւրայատուկ Երեկոյ Տհուր Շուէյրի Մէջ

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, շաբաթ, 13 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Տհուր Շուէյրի մէջ կայացաւ հայկական իւրայատուկ եւ անմոռանալի երեկոյ մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, Տհուր Շուէյրի եւ Այն Սընտիանէի քաղաքապետ` ճարտարագէտ Հապիպ Մըժահեսի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Արտերկրի լիբանանցիներու  տօնի փառատօներու խորհուրդի նախագահ  Ուատիհ Ապտ Էլ Ահատի...

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ»  Փառատօնը Հմայեց Բոլորը

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Փառատօնը Հմայեց Բոլորը

Շաբաթ, 13 յուլիսին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին բացումը կատարուեցաւ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնին: Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի քաղաքապետ Նիքոլ Ժեմայէլ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ...

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի  Ուսանողական 25-րդ Հաւաքը (Ֆորում)

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի Ուսանողական 25-րդ Հաւաքը (Ֆորում)

Այսօր` երկուշաբթի, 15 յուլիսին, Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին (Ֆորում): Համազգայինի աւանդական կարեւոր ծրագիրներէն մէկը հանդիսացող այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 9 երկիրներէ 36 երիտասարդներ: Լիբանանի պատուիրակութիւնն ու պատասխանատու կազմը 14 յուլիսին ուղղուեցաւ Հայաստան: 15-29 յուլիսին տեղի ունենալիք հաւաքին հայրենիքէն եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէ եկած երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու իրարու, հասկնալու իրենց միջեւ եղած...

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի 111-րդ Մասնաճիւղը` ՀՄԸՄ Արցախ

ՀՄԸՄ-ի երկրորդ հարիւրամեակի ծրագիրներուն առաջնահերթութիւնը Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ հիմնելու անհրաժեշտութիւնն էր: Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ ունենալու գաղափարը տարիներու փափաք էր, սակայն զանազան պատճառներով աշխատանքի սկիզբը յետաձգուած էր: Միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ամբողջացումէն ետք, Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքները կեդրոնացան Արցախի մէջ մասնաճիւղի հիմնադրութեան վրայ: Խորհրդակցութիւններէ ետք, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւն մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի...

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Աւարտեցաւ

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Աւարտեցաւ

Մէկուկէս ամսուան աշխատանքէ ետք, երէկ, երեկոյեան, իր աւարտին հասաւ «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան խտացեալ դասընթացքը, երբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, հայրենի լրագրող Վահագն Զաքարեան մասնակիցներուն ներկայացուց «Հայրենի լրագրութեան հիմունքներն ու աւանդութիւնները» նիւթը: Նիւթին ներկայացումէն եւ անոր հետեւած գործնական աշխատանքէն ետք, մասնակիցներուն անունով խօսք արտասանեց Գէորգ Եագուպեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ Ձայն»-ի կողմէ ընծայուած յատուկ առիթին եւ փորձառութեան համար: Ան...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին

Կազմակերպութեամբ «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին երէկ` ուրբաթ, 12 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մոնրօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին արաբական արուեստի ցուցահանդէսին բացումը, որուն նպատակն է աջակցիլ արուեստի շուկային եւ արուեստը հասանելի դարձնել բոլորին: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը մասնակցեցաւ «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին եւ ներկայացուց հայրենի արուեստագէտներ Քարլոս Սայատեանի, Աշոտ Յարութիւնեանի, Գայ Ղազանչեանի եւ Կակոյի գործերը: «Արաբ Արթ Ֆեր»-ի...

Ահաբեկչական Պայթում Մը Ցնցեց Գամիշլիի Հայահոծ Թաղամասը

Ահաբեկչական Պայթում Մը Ցնցեց Գամիշլիի Հայահոծ Թաղամասը

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ` հինգշաբթի, 11 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ականապատուած ինքնաշարժի մը ահաւոր պայթումը ցնցեց Գամիշլիի բնակչութիւնը: Ականապատուած ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց, վայրկեաններ անց ինքնաշարժը պայթեցաւ: Արձանագրուեցան 11 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Նշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային միացեալ միջնակարգ վարժարանը եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Թուրքիոյ Կողմէ  Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ  Գտնուող Ս. Մակարայ Վանքին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Գտնուող Ս. Մակարայ Վանքին Մէջ

Ուրբաթ, 28 յունիս 2019 թուականը Արամ Ա. կաթողիկոսին կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ վեհափառը անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս` այցելելու համար հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները: Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, այցելեց Նիկոսիոյ թրքական բաժինին մէջ...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 155.  Վահագն Զաքարեան Զեկուցեց «Մշակութային  Կեանքը Այսօրուան Հայաստանի Մէջ» Նիւթին Մասին

Մամլոյ Լսարան Թիւ 155. Վահագն Զաքարեան Զեկուցեց «Մշակութային Կեանքը Այսօրուան Հայաստանի Մէջ» Նիւթին Մասին

Գործակցաբար «Վանայ ձայն»-ին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան երէկ` չորեքշաբթի, 10 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 155-րդ լսարանը` ներկայութեամբ միութենական թէ մամուլի պատասխանատուներու ու աշխատակիցներու, ինչպէս նաեւ մշակութասէր ազգայիններու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավարներէն Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի անունով ողջունեց օրուան բանախօս` հայրենի լրագրող, հաղորդավար եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս...

«Մայրական Երախտագիտութիւն» Մետալ` Արցախով Շնչող «Ազդակ»-ի Խմբագրին

«Մայրական Երախտագիտութիւն» Մետալ` Արցախով Շնչող «Ազդակ»-ի Խմբագրին

«ԵՐԿԻՐ» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած` Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի մասնակիցները, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի առաջնային տպագիր, էլեկտրօնային մամուլի առաջին դէմքերն էին, առիթ ունեցան լինելու նաեւ ՀՅԴ-ի` Պէյրութում լոյս տեսնող «Ազդակ» թերթի խմբագրութիւնում եւ խմբագիր Շահան Գանտահարեանին յանձնելու Արցախի «Մայրութիւն» ՀԿ-ի «Մայրական երախտագիտութիւն» յուշամետալը: Այն յանձնեց Արցախի «Ապառաժ» պարբերականի վերլուծաբան Միքայէլ Հաջեանը` նշելով, որ «Ազդակ»-ը` ի դէմս Գանտահարեանի, մշտապէս...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան  Դեսպանատան Մշակոյթի Ու  Յարաբերութեանց Պատասխանատուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան Դեսպանատան Մշակոյթի Ու Յարաբերութեանց Պատասխանատուն

Շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ յարաբերութեանց պատասխանատու դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարը: Այցելութեան նպատակն էր չորս տարիներու ծառայութենէն ետք հրաժեշտ առնել եւ շնորհակալութիւն յայտնել վեհափառին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Իրանը յուզող ներկայ հարցերուն: Դոկտ. Մեհտի Շարիաթմատարի իր ուրախութիւնը յայտնեց Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Դեսպան Արման Կիրակոսեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Դեսպան Արման Կիրակոսեան

63 տարեկանին մահացած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Ան առաջին իսկ օրէն կանգնած եղած է նորանկախ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան կայացման ակունքներուն եւ իր անգնահատելի ներդրումը ունեցած է այդ գործին մէջ: Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Կիրակոսեաններու ընտանիքին եւ հարազատներուն, բոլոր անոնց, որոնք...

Մամլոյ 154-րդ Լսարան.  Ժիրայր Չոլաքեան Խօսեցաւ  Փարիզի Հայ Թատրոնի  Ընկերակցութեան Յայտնաբերած  Թատերական Գործերուն Մասին

Մամլոյ 154-րդ Լսարան. Ժիրայր Չոլաքեան Խօսեցաւ Փարիզի Հայ Թատրոնի Ընկերակցութեան Յայտնաբերած Թատերական Գործերուն Մասին

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 154-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Փարիզի Հայ թատրոնի ընկերակցութեան յայտնաբերած թատերական գործերը», իսկ զեկուցաբերը` «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան: Բացման ու բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան, որ...

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ Եւ Հըզպալլայի  Ներկայացուցիչներու Միջեւ

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ Եւ Հըզպալլայի Ներկայացուցիչներու Միջեւ

Հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ին, «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութեան եւ Հըզպալլայի ուսանողական-երիտասարդական վարչութեան ներկայացուցիչներու միջեւ: Այցելութիւնը նախաձեռնած էին Հըզպալլայի ներկայացուցիչները` նպատակ ունենալով վերահաստատել երկու կուսակցութիւններու եւ միութիւններուն միջեւ նախապէս ի գործ դրուած դաշինքն ու համագործակցութիւնը ուսանողական, երիտասարդական եւ յատկապէս համալսարանական օրակարգերու շուրջ: Երկու ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, երկու միութիւններու ներկայացուցիչները որոշեցին աշխուժացնել միջկուսակցական...

Page 185 of 365 1 … 184 185 186 … 365

Արխիւներ