Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեսիրական Աշխատանքները Համակարգելու Նպատակով. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Ունեցաւ Խումբ Մը Կամաւոր Երիտասարդ-Երիտասարդուհիներու Հետ

December 19, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ընկերային-տնտեսական պայմաններուն պատճառով, բազմաթիւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներու դժուարութիւնները բարդացան եւ պայմանները առաւել եւս վատթարացան: Ակներեւ էր, որ ընկերային ցանցերուն վրայ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ սկսան նախաձեռնել բարեգործական աշխատանքներ` նպաստելու կարիքաւորներուն եւ հասնելու անոնց կարիքներուն:

Այս առիթով, երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց խումբ մը կամաւոր երիտասարդներ, որոնք ընտանիքներու կ՛այցելեն եւ իրենց ունեցած միջոցներով օժանդակութիւններ կ՛ապահովեն: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան:

Սրբազան հայրը նախ եւ առաջ մեծապէս գնահատեց երիտասարդ կամաւորներուն մօտեցումները` ծառայութիւն կատարելու ընկերութեան մէջ գտնուող կարիքաւորներուն` դժուարին օրերուն զօրակցելով հայ ընտանիքներուն: Նարեկ արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ լիբանանահայ կառոյցները իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայ ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները յաղթահարելուն, սակայն կարիքները օրըստօրէ կը բազմանան, մինչ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները սահմանափակ են:

Այս շրջագիծին մէջ, առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ պէտք է հաւաքական մօտեցումով իւրաքանչիւրը իր կարողականութիւններու սահմաններուն մէջ ճիգ թափէ, որպէսզի աշխատանքները առաւել եւս արդիւնաւորուին, եւ այս շրջագիծին մէջ երիտասարդներուն դերը ե՛ւ ոգեւորիչ է, ե՛ւ օգտակար: Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ նշեալ հանդիպումին ներկայ եւ հետագային աշխատանքներուն մասնակից դառնալու փափաք յայտնող բոլոր երիտասարդներուն դիմաց առաջնորդարանը իր դռները բացած է եւ իր բոլոր կարելիութիւնները անոնց տրամադրութեան տակ կը դնէ:

Իր կարգին, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան հաստատեց, որ բարեգործութիւնը ցուցադրութեամբ ու ենթականերուն արժանապատուութիւնը վիրաւորելով չ՛ըլլար, եւ ընդունելի չէ, որ կարիքաւորներու վատ պայմանները օգտագործուին` ազգային կառոյցներուն աշխատանքները նուաստացնելու համար: Տէմիրճեան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդներուն գործնական մասնակցութիւնը աւելի կ՛ընդարձակէ ծառայութիւններու շրջագիծը` առաւել եւս հոգալու ընտանիքներու ապրուստի, կրթաթոշակի, տան վարձքի, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային սպասարկութիւններու կարիքները:

Ապա ներկայ երիտասարդները քննարկեցին Պուրճ Համուտի մէջ կարգ մը կարիքաւորներու բնակարաններու կացութիւնը, կահոյքի եւ նորոգութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ճշդեցին աշխատանքները հետապնդելու համապատասխան կարգը: Մասնակիցները շեշտեցին, որ իրենք ունին մէկ եւ միակ նպատակ, որն է ծառայել հայ ընտանիքներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Երեսփոխան Նորա Արիսեան Կը Հանդիպի Փոխնախագահին Հետ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.